
Քնար Պէրպէրեան ծնած էր Քեսապ, Դեկտեմբեր 21,1931ին, լիբանահայ հօր եւ մօր` Խաչեր եւ Կենովաբէի: Ան եղած է ընտանիքին փոքր քոյրը՝ Մարիին, Թագուհիին ու Յովհաննէսին։
Քնարին ծնողները եղած են Ցեղասպանութեան վերապրողներ Ուրֆայէն ու Էրզրումէն։ Ընտանիքը շատ կը փոխադրուէր հօր ջուլհակի արհեստին պատճառով։ Ան գորգեր ու անձեռոցներ կը պատրաստեր Միջին Արեւելքի հայկական որբանոցներուն համար։
Քնար ծնած էր Քեսապ եւ ապրած էր նաեւ Դամասկոս, ուր յաճախած էր Միացեալ վարժարան. հետագային ընտանեօք փոխադրուած են Հայֆա ու Նազարէթ, ուր Քնար կը յաճախէ տարբեր դպրոցներ, սորվելով անգլերէն ու արաբերէն, ինչպէս նաեւ զանազան արտադպրոցական միջոցառումներու կը մասնակցի։
1947ին ընտանեօք վերջնականապէս կը վերահաստատուին Լիբանան եւ անմիջապէս Քնար կը զօրակցի հայ գաղութի կերտման ջանքերուն, անդամակցելով Լիբանանի Հայ Օգնութեան Միութեան եւ ստանալով շտապ օգնութեան վկայականի եւ կամաւոր կերպով կ՛օժանդակէ հայկական թաղամասերու բնակիչներուն։
Նաեւ, միանալով Համազգայինի պարախումբին ու «Քնար» երգչախումբին, մասնակցելով զանազան ելոյթներու։
Քնար աստուածային շնորհքով օրհնուած էր ասմունքելու իր սիրած կտորները, բառ առ բառ անգիր կրկնելով եւ խոր ապրումներով ներշնչելու ունկնդիրները նոյնիսկ 93 տարեկանին․․․
1967ին, Քնար կը ծանօթանայ Նուպար Քէլանին եւ նոյն տարին կ՛ամուսնանան, ունենալով երկու զաւակ՝ Հրաչ եւ Հուրի։
1975ին սկսած Լիբանանին ներքին պատերազմը խորտակեց շատերու յոյսերն ու երազները։ Ընտանիքը արդէն մտադիր էր փոխադրուելու Գանատա, սակայն 1978ին Նուպար կը մահանայ 47 տարեկանին , կարճատեւ հիւանդութեան մը պատճառով, Քնարին աշխարհը փլուզելով։ Սակայն, ան յաղթահարեց արգելքները, բանալով եւ կառավարելով վաճառատուն մը, ընտանեկան տան մօտ եւ դարձաւ տիպար մայր, իր ժրաջան աշխատանքով կրցաւ լիարժէք ձեւով մեծցնել զաւակները, անոնց մէջ ցանելով հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ հատիկները, հայեցի դաստիարակութեամբ։
1998ին Քնար կ՛այցելէ Լոս Անճելըս, ներկայ գտնուելու դուստրին ամուսնութեան, Մասիս Դարբինեանի հետ եւ այդ տարին ալ վերջնականապէս կը հաստատուի Գանատա, միանալով զաւակին՝ Հրաչին եւ անմիջապէս անդամակցելով ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղի եւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ ընտանիքներուն։
Քնար յաճախ կ՛այցելեր աղջկան ընտանիքին, ներկայ ըլլալով երեք թոռնիկներուն ծնունդներուն եւ կնունքներուն։ Շատ սիրելով անոնց, ան կը փորձեր ժամանակ անցնել անոնց հետ, ըսելով թէ զաւակը քաղցր է, բայց թոռնիկը աւելի քաղցր է։
Քնար շատ մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընթերցեր «Ասպարէզ»ի եւ «Ազդակ»ի լուրերն ու յօդուածները Ipad-ի միջոցով եւ այդպիսով կը հետեւեր համահայկական լուրերուն, աշխարհի տարածքին։ Ան նաեւ կ՛ունկնդրեր «Վանայ Ձայն»ի զանազան յայտագիրները։
2023ին Քնարի երազը կ՛իրականանայ, երբ ան առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Հայաստան, հաստատելով պատկանելիութեան եւ իրագործումի զգացումներ, որոնք յայտնապէս կը մարմնաւորուէին, երբ ան կը խօսեր հայրենիքի արժանատեսիլ վայրերու մասին, եւ կարծես իր հայու փայլուն աչքերը կը վերատեսնէին հրաշալիքները։
Նոյեմբեր 10, 2024ին, Քնար կը մահանայ Գանատայի Քէյմպրիճ քաղաքին մէջ, շրջապատուած ընտանիքի անդամներով եւ հարազատներով։