Առաւել քան մէկ տարիէ ի վեր Ատրպէյճանի մէջ բանտը պահուող Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը՝ Ճերըտ Կենսըր, կը յայտարարէ, թէ Ալիեւի վարչակազմը որեւէ համոզիչ փաստ չէ ներկայացուցած ապացուցելու, որ իր պաշտպանեալը բանտին մէջ չեն խոշտանգած։
Կենսըր «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին եւս ահազանգեց, որ Ալիեւի վարչակազմը հետեւողականօրէն կը մերժէ Պաքու այցելելու իր դիմումները:
«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իր եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿը) անունով յայտարարեց, թէ Ռուբէն Վարդանեան խոշտանգումներու չէ ենթարկուած: Կրնամ պնդել, որ այդ յայտարարութիւն սուտ է: Սուտ է, որովհետեւ ԿԽՄԿը ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛աշխատի նոյն սկզբունքով` երբեք՝ ո՛չ հրապարակային ոչ ալ գաղտնի կերպով կը բացայայտէ, որ արդեօք անձը ենթարկուա՞ծ է խոշտանգումներու, թէ ոչ: Այդ միակ ձեւն է, որ կ՛երաշխաւորէ այդ երկիրը անոնց մուտքը», ըսաւ Կենսըր։
Այս տարուան Յունիսին Կենսըր եւ Վարդանեանի ընտանիքը հրատապ դիմում մը ներկայացուցին ՄԱԿի Խոշտանգումներու դէմ կոմիտէին` պահանջելով դատապարտել Արցախի նախկին պաշտօնատարին նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը: Այդ նամակին մէջ անոնք յայտնեցին, որ Ապրիլին հացադուլի մէջ գտնուող Վարդանեանը տեղափոխած են պատժախուց՝ զրկելով զայն խմելու ջուրէ, քնանալու եւ արտաքին աշխարհին հետ կապի կարելիութենէն եւ մենախուցին մէջ լոյսը վառած պահած են 24 ժամ, ստիպած անոր՝ երկար ժամանակ ոտքի կանգնած մնալ:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնը հերքեց նշեալ պնդումները՝ նոյն ատեն նաեւ մերժելով բանտ այցելելու եւ տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալու՝ Կենսըրի դիմումը` «անկարելի դարձնելով ապացոյցներ հաւաքելը»։
«Միակ ապացոյցը, որ ես կրնամ ստանալ, Ռուբէնին խօսքերն են: Եթէ Վարդանեանը իսկապէս չեն խոշտանգած՝ արդարանալու կամ պահելու բան չունին: Սակայն, անոնք կոմիտէին անունով անամօթաբար կեղծ տեղեկութիւններ կը տարածեն: Ես ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ դուք Ատրպէյճանի կառավարութեան հարցնէք, թէ ինչո՛ւ փաստաբան Ճերըտ Կենսըրին թոյլ չեն տար այցելել Ատրպէյճան եւ անձամբ տեսակցիլ Ռուբէն Վարդանեանի հետ», աւելցուց Կենսըր:
Կենսըր քսան տարիներու փորձառութիւն ունեցող ամերիկացի փաստաբան-իրաւապաշտպան է, որ տարբեր երկիրներու մէջ հարիւրաւոր քաղաքական բանտարկեալներու դատեր հետապնդած է։ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը Կենսըրը կը կոչէ «կորզիչ», որ կրցած է աշխարհի 20 երկիրներու մէջ հասնիլ առաւել քան 340 քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման ։
«Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան հետ զրոյցին ընթացքին, Կենսըր քանի մը անգամ պնդեց, որ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն եւ հայաթափումէն ետք, գերի դարձած Ռուբէն Վարդանեան, զոր Ալիեւի վարչակազմը կը մեղադրէ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի զինուած խմբաւորումներու կազմաւորման մէջ, քաղաքական բանտարկեալ է: Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ Վարդանեանը քաղաքական բանտարկեալ կը նկատէ՝ Կենսըր ըսաւ. «Որովհետեւ ան բացէ ի բաց քննադատած է Իլհամ Ալիեւը, ընդդիմացած անոր քաղաքականութեան: Տամ օրինակ մը, թէ որքան ծիծաղելի են պարոն Վարդանեանին դէմ առաջադրուած մեղադրանքները: Ան համահիմնադիրն է «Օրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան, որ մարդասիրական մրցանակ կը շնորհէ աշխարհը աւելի լաւ դարձնող անձերու կամ կազմակերպութիւններու: Բայց, ասիկա ներկայացուցած են Ռուբէն Վարդանեանի դէմ իբրեւ ապացոյց առ այն, որ ան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ֆինանսաւորած է ապօրինի ահաբեկչական գործունէութիւն, ֆինանսաւորած զինուած խմբաւորումներ»:
Արձագանգելով ատրպէյճանցի լրագրողին այն դիտարկման, որ Լեռնային Ղարաբաղը, ուր պաշտօն կը վարէր Վարդանեան, Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածք է, Կենսըր ըսաւ, որ Վարդանեան պետական պաշտօն ստանձնած է այդ տարածքին մէջ բնակող ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պաշտօնատարներուն որոշումով, իսկ տարածքի պատկանելիութիւնը «Պաքուին չ՛արտօներ ընել ինչ որ ուզէ»։ «Նոյնիսկ եթէ համաձայն էք Ատրպէյճանի այդ պնդման, այդ մէկը իրաւունք չի տար այդ տարածքին մէջ ցեղային զտում կատարել: Ճի՞շդ է: Գիտէք` Ատրպէյճան Ժընեւի համաձայնագիրի մասնակից է, նաեւ՝ ցեղասպանութեան վերաբերող», ըսաւ Կենսըր՝ մատնանշելով միջազգային իրաւունքին՝ դանդաղ կերպով գործելը, եւ որ որոշումները ցանկալի արագութեամբ չեն տրուիր: Ան բերաւ Ռուանտայի օրինակը՝ հակառակ տեղւոյն վրայ մարդոց դիակներու տեսարաններուն, աշխարհը չէր շտապեր տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն որակելու. անոր համար տարիներ պահանջուեցան:
«Եւ երբ 120 հազար անձեր կը տեղահանես միջազգային սահմաններէն, որովհետեւ այդ ձեր տարածքն է, եւ կրնաք ընել ինչ որ ուզէք, եւ որ դուք գերիշխան պետութիւն էք եւ երկիր կը կառավարէք, չի նշանակեր, որ կրնաք զանգուածային վայրագութիւններ ընել բացարձակ անպատժելիութեամբ եւ մտածել, որ այդ ամէնը բնական է, որովհետեւ ասիկա մեր տարածքն է», ըսաւ Կենսըր:
Ռուբէն Վարդանեան մէկն է Ատրպէյճանի մէջ պահուող 23 հայ գերիներէն, որոնց կարգին են նաեւ Արցախի միւս առաջնորդները, որոնց դէմ եւս ներկայացուած են ծանրագոյն մեղադրանքներ: Կենսըր շեշտեց, որ անոնց արդար դատավարութեան իրաւունքը խախտած է առաւել քան մէկ տարիէ ի վեր` նախնական բանտարկութեան տակ են` զրկուած պատշաճ պաշտպանութենէ:
Արդեօք պաշտօնական Երեւան որեւէ քայլի ձեռնարկա՞ծ է Վարդանեանը ազատ արձակելու համար. Կենսըր յորդորեց հարցումը ուղղել Հայաստանի իշխանութիւններուն` շեշտելով, որ ինք չ՛աշխատիր այդ երկրի կառավարութեան համար: Ատրպէյճանի նկատմամբ միջազգային հնարաւոր ճնշման մասին հարցումին Կենսըր պատասխանեց՝ ըսելով, թէ «կան տեսանելի եւ ոչ տեսանելի գործընթացներ»: