Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Յակոբ Ասլանեան հեռացուեցաւ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութենէն։ Լուրը յայտնեց խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան, որ ըսաւ, թէ Արսլանեանը նաեւ կուսակցութենէն հեռացնելու որոշումը պիտի տրուի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նիստին։
Ըստ Յովհաննիսեանի` Յակոբ Ասլանեան չի փափաքիր աթոռէն հրաժարիլ: Ասլանեան չուզեց մեկնաբանել խմբակցութեան որոշումը:
Ըստ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանի՝ ան հեռացուած է «լրջագոյն կարգապահական խախտման, ինչպէս նաեւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան որդեգրած արժէքների եւ քաղաքական ուղեգծի հետ խիստ անհամատեղելի վարքի պատճառով»:
Աւելի կանուխ Ասլանեան յայտարարած էր, որ կը նախընտրէ արդարութիւնը եւ յանուն իր ընկերոջ` պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանի, մէկ ամիսով կը կասեցնէ Փաշինեանի գլխաւորած կուսակցութեան իր անդամակցութիւնը:
Ասոր կողքին, պատգամաւորական աթոռէն հրաժարելու դիմում գրած է նաեւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Առուշանեան, սակայն յստակ չէ, թէ ան ի՛նչ պատճառով դիմած է այդ քայլին։