Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ատրպէյճանին կոչ ըրաւ՝ դադրեցնելու լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հանրութեան նկատմամբ աճող ճնշումները:
«Մենք Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք` յարգելու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իր միջազգային պարտաւորութիւնները եւ ազատ արձակելու անարդարօրէն ձերբակալուած անձերը, ներառեալ Ռուֆաթ Սաֆարովը, Սեւինճ Վակիֆկիզին եւ ուրիշներ, որոնք բանտարկուած են՝ յանուն մարդու իրաւունքներու իրենց գործունէութեան համար», գրած է Պլինքըն:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց կոչին` յայտարարելով, որ կը դատապարտէ եւ կը մերժէ զայն: Ըստ Պաքուի պնդումին` Պլինքընի «կանխակալ» յայտարարութիւնը «կը խեղաթիւրէ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան կացութիւնը եւ նպատակ ունի միջամտելու Ատրպէյճանի դատական եւ իրաւական հոլովոյթներուն»: