
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբերի առաւօտուն, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական նոր տարուան եւ սուրբ ծննդեան յատուկ տօնակատարութիւն մը: Առաջնորդարանը ժամանած էին Լոս Անճելըսի Հայ աւետարանական Սահակ-Մեսրոպ եւ Մերտինեան երկու վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի եւ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Յովսէփեան վարժարանի աշակերտները:
Բացման խօսքը կատարեց առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Երեմիա վրդ. Աբգարեան, որ անդրադառնալէ ետք Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին՝ շնորհաւորեց վարժարաններու տնօրէնութիւնները, ուսուցչական կազմերը, ծնողները եւ աշակերտները:
Օրուան յայտագիրը բծախնդրօրէն պատրաստած էին Մերտինեան վարժարանի աշակերտները: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սահակ-Մեսրոպ, Մանուկեան-Տեմիրճեան եւ Յովսէփեան վարժարաններու աշակերտները:
«Գալայճեան» սրահը համախմբուած աշակերտներուն սիրտերը ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ ողողուած էին: Բոլորը հոգեւոր ապրումներով եւ վառ յոյսերով կը դիտէի իրենց առջեւ բացուող պայծառ ապագային:
Աւարտին, իր հայրական խօսքը փոխանցեց առաջնորդը: Ան ողջունեց աշակերտներուն ներկայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց եւ իրենց տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն, բոլորին ցանկալով մնայուն վերելք: Սրբազանը յատուկ կերպով գնահատեց Մերտինեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտները, որոնք սիրով եւ խանդավառութեամբ պատրաստած էին յայտագիրը, նոյն ատեն դրուատելով միւս վարժարաններուն մասնակցութիւնը:
Աւարտին, սրբազանը շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, բոլորին մաղթելով քաջառողջութիւն, երջանկութիւն եւ արեւշատ օրեր:


ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԻ ԼՈՅՍԵՐԸ ՎԱՌԵԼՈՒ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Հովանաւորութեամբ առաջնորդին եւ կազմակերպութեամբ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի Տիկնանց միութեան, 5 Դեկտեմբերի երեկոյեան, առաջնորդարանին շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առիթներով աւանդական տօնածառի լոյսերը վառելու հանդիսութիւնը:
Սրբազանին կողքին էին թեմի խումբ մը հոգեւոր հովիւներ, ծնողներ եւ մեծ թիւով մանուկներ: Յայտագիրին ընթացքին, յանուն առաջնորդին, Երեմիա վրդ. Աբգարեան գնահատեց Տիկնանց միութիւնը, որ բծախնդրութեամբ կազմակերպած էր հանդիսութիւնը եւ շնորհաւորեց բոլորը՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առիթներով, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ պայծառ օրեր: Այնուհետեւ տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան կոկիկ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերաւ Sounds of Children երգչախումբը՝ առաջնորդութեամբ Սիրվարդ Գաւուգճեանի:
Աւարտին, սրբազանը տօնածառի լոյսերը վառեց՝ բարի տարի մաղթելով բոլորին, որմէ ետք, Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան երգերու եւ ծափերու տարափին տակ ժամանեց Կաղանդ պապուկը:

ՏԱՐԵԿԱՆ CHRISTMAS BOUTIQUE ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԸ
Հովանաւորութեամբ առաջնորդին եւ կազմակերպութեամբ առաջնորդարանի Ladies Guild-ի անդամուհիներուն, 4 Դեկտեմբերին, «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան Christmas Boutique աւանդական ձեռնարկը:
Հանդիսութեան սկիզբը բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ladies Guild-ի ատենապետուհի Արաքսի Պոյամեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին իր հայրական օրհնութեան եւ աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանին եւ բոլոր անոնց ,որոնք սատար կը հանդիսանան իրենց նուիրեալ ծառայութեան: Պոյամեան մաղթեց, որ 2025ը ըլլայ աստուածային օրհնութիւններով լեցուն տարի մը: Այնուհետեւ, Արամ Մուսոյեանի, Վահէ Սարգսեանի եւ Սերգէյ Արուստամեանի պատրաստութեամբ Տիկնանցի աշխատանքներու յատուկ ժապաւէնի ներկայացումը կատարուեցաւ: Ապա, սրբազանը ողջունեց ներկաները, գնահատեց Ladies Guild-ի նուիրեալ ծառայութիւնը եւ բարի ու օրհնաբեր տարի մը մաղթեց բոլորին:
Հանդիսութեան ընթացքին նուիրեալ տիկնայք՝ Լինէթ Ամէրեան, Արտրէա Ֆէհրինկ, Տիանա Մկրեան Հէքիմեան, Նորա Մազմանեան եւ Դալար Դէժիրեան, ձեռամբ առաջնորդին՝ արժանացան օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրերու:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Պետրոսեան» պարախումբը եւ կիթառահար Կարօ Սարաֆեան:
