Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ համոզուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իր հայրենիքը վերադառնալու բոլոր կարելիութիւնները ունի:
Ան այս համոզումը արտայայտեց «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5րդ միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։
«Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի կարելիութիւն հաստատաբար կը տեսնեմ: Ասիկա չի կրնար անտեսուիլ: Պէտք է շարունակել պայքարիլ: Դուք պէտք է շարունակէք պայքարիլ: Կը պարտուիք այն օրը, երբ պայքարը կը դադրեցնէք։ Անհրաժեշտ է օգնել անոնց պայքարին՝ իրենց վերադարձի իրաւունքին համար», ընդգծեց Օքամփօ՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան կը ճանչնայ, որ հայերը Արցախ գտնուելու իրաւունք ունին, հետեւաբար անհրաժեշտ է պայքարիլ Արցախի հայերու իրաւունքներուն համար։
Արձագանգելով այն հարցումին, թէ 2023ին Արցախի մէջ տեղի ունեցածը կարելի՞ է արդեօք իբրեւ ցեղասպանութիւն որակել՝ Օքամփօ դրական պատասխանեց՝ նկատել տալով, որ ցեղասպանութիւնը պարզապէս զանգուածային սպանութիւնները չէ, ինչպէս, օրինակ, տեղի ունեցաւ 1915ին։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած բոլոր իրադարձութիւնները կը պարունակեն ցեղասպանութեան բոլոր մեթոտները եւ ձեւերը՝ պայմաններ ստեղծելով մարդոց խումբի ոչնչացման. այդ Լաչինի միջանցքի շրջափակումն էր, Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութեան փախուստի դիմելը, ինչպէս նաեւ հայերուն հասցուած լուրջ հոգեկան վնասները, վախը եւ այլն։ Այս բոլորը ցեղասպանութեան յատկանիշներ են։ Եւ անիկա նոյնպէս ցեղասպանութիւն է», ըսաւ Օքամփօ՝ շեշտելով, որ այս բոլոր պարագաներուն, մարդիկ պէտք է պաշտպանուած ըլլան, եւ անոնց իրաւունքները պէտք է վերականգնին։
Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ Օքամփօ յայտնեց, որ հայերը նախ կը պայքարին արդարութեան եւ յիշողութեան համար։ «Հայաստան ցոյց կու տայ, որ յիշողութեան համար պայքարիլը կարեւոր է», շեշտեց Օքամփօ։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելիութիւն կը տեսնէ՞, որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ան շեշտեց. «Մենք այդ մէկը չենք գիտեր, սակայն, մենք պէտք է ներգրաւենք Թուրքիան եւ բացատրենք։ Երիտասարդ սերունդը տարբեր է։ Կը կարծեմ, թէ մենք կրնանք ներգրաւել զանոնք եւ քննարկել այդ հարցը»։
Ըստ Օքամփոյի՝ հիմա ամէնէն կարեւոր բանը այն է, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ, եւ, մասնաւորաբար այն, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ Պաքուի բանտին մէջ գտնուող 23 հայերուն հետ։ «Անոնք պատանդներ են, իսկ զանոնք պատանդ պահելու ուղերձը այն է, որ, եթէ Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնաք, յարձակումի պիտի ենթարկուիք։ Մենք պէտք է անոնց համար բան մը ընենք», եզրափակեց Օքամփօ։