
Ատրպէյճանի դատախազութիւնը Պաքուի մէջ գերի պահուող Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ մեղադրանքները 45 այլ կէտերով աւելցուց, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոր ցմահ բանտարկութիւն կը սպառնայ, յայտնեց զայն պաշտպանող փաստաբաններու խումբը:
«Շինծու ապացոյցները ներկայացուած են 100 հատորով, ընդհանուր ծաւալը կազմում է մօտ 25 հազար էջ, ամբողջը` ադրբեջաներէն», կ՛ըսուի փաստաբաններու խումբին հաղորդագրութեան մէջ:
Դատախազութիւնը կը մերժէ մեղադրանքի «ապացոյցները» ներկայացնել թէ՛ Ռուբէն Վարդանեանին եւ թէ անոր գլխաւոր փաստաբանին: Անոնց կը թոյլատրուի նիւթերուն ծանօթանալ առանց պատշաճ թարգմանութեան, սահմանափակ ժամկէտներու ընթացին, սակայն «ազգային ապահովական նկատառումներով»` սահմանափակուած են որեւէ նշում կատարելու կարելիութենէն:
«Այս մեղադրանքները Ատրպէյճանի ստանձնած միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտում են», ըսաւ Վարդանեան ընտանիքի միջազգային իրաւական խորհրդատու Ճերըտ Կենսըր՝ աւելցնելով. «Մեղադրանքներու այդ երկար շարանը` ակնյայտ շնական փորձ է Ռուբէն Վարդանեանը մեղադրելու այն ամէն ինչին մէջ, զոր ատրպէյճանական վարչակարգը կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:
Այս վերջին զարգացումին մասին «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեան, որ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալները Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ՝ ըսաւ. «Այն բոլոր յանցագործութիւնները, որ Ադրբեջանն իրականացրել է Լեռնային Ղարաբաղում, ներկայումս վերագրում են պարոն Վարդանեանին, օրինակ` խոշտանգումներ, անձանց բռնի անհետացում, ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) պատերազմի պլանաւորում (ծրագրում), հրահրում եւ այլն»։
Ատրպէյճանի մէջ պահուողներէն միայն Ռուբէն Վարդանեան իր առանձին պաշտպանական խումբը ունի: Անոր կողքին Պաքուի բանտը կը գտնուին Արցախի երեք նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան, նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան ու նախկին պաշտօնատար Դաւիթ Մանուկեան։ Անոնցմէ բացի ճշդուած են նաեւ 15 այլ անձեր, որոնք այժմ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կը գտնուին:
Նկատի ունենալով, որ միւս բանտարկեալներու գործերուն մէջ ներգրաւուած են հանրային պաշտպաններ, Սահակեան բացատրեց, որ անոնց դէմ յարուցուած գործերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ ստանալը բարդ է: «Այստեղ տեղեկատուութիւնը սահմանափակ է, ի հարկէ այն լրացւում է Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանի գործընթացներով: Կարծում եմ` պէտք է սպասենք, բայց իմ կանխատեսմամբ` մեղադրանքների ծաւալի փոփոխութիւն տեղի է ունենալու նաեւ միւս պաշտօնեաների մասով», ըսաւ Սահակեան:
Ռուբէն Վարդանեանի գործին վերաբերեալ ատրպէյճանական կողմին «ապացոյցները» գաղտնի պահելու գծով անոր պաշտպանական խումբին տեսակէտին, ըստ որուն, «այս գաղտնիութիւնը եւս մի ապացոյց է, որ Վարդանեանի դէմ ուղղուած բոլոր մեղադրանքները շինծու են ու քաղաքական»՝ համաձայն է նաեւ Սահակեան: «Մեղադրանքն իրաւական աբսուրդի (անհեթեթ) ժանրից է: Միւս խնդիրը, որ այդ գործընթացները տեղի են ունենում առանց միջազգային ներգրաւուածութեան», ըսաւ Սահակեան: