
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Համառուսական պետական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի հեռարձակման ընկերութեան եւ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին լայնօրէն խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերող իր պատկերացումներուն մասին։
Ան դարձեալ ըսաւ, որ «նախքան Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելը, Հայաստան իր Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխէ եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի լուծարման համաձայնի»։
«Յաւելեալ երկու քայլեր, զորս հայկական կողմը պէտք է առնէ. առաջինը` փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, որովհետեւ Սահմանադրութեան մէջ կը յիշատակուի Անկախութեան հռչակագիրը, որ իր կարգին տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի նկատմամբ: Անոր մէջ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը յայտարարուած է Հայաստանի մաս: Առ այդ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը մեր քմահաճոյքը չէ, անոնք ուղղակի առարկայական պայմաններ են», դիտել տուաւ Ալիեւ։
Ալիեւի՝ Պաքուի, երկրորդ պայմանը Մինսքի խումբի լուծարումն է: «Որովհետեւ այս հարցը կը լուծուի համաձայնութեամբ, զայն կարելի չէ պաշտօնապէս իրականացնել առանց Հայաստանի համաձայնութեան: Թէեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը շատոնց չի գործեր, սակայն պաշտօնապէս տակաւին գոյութիւն ունի: Եւ մեր հարցը այն է, որ եթէ Հայաստան Ղարաբաղը ճանչցած է իբրեւ Ատրպէյճանի մաս, իսկ Մինսքի խումբը ստեղծուած է Ղարաբաղի հարցը լուծելու համար, ի՞նչ բանի կը ծառայէ անիկա: ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը լուծարելու, մեզի հետ այդ հարցով ԵԱՀԿին դիմելու գծով Հայաստանի դժկամութիւնը կը յուշէ, որ վրէժխնդրական ծրագիրները բաւական լուրջ են», ըսաւ Ալիեւ։
Ան նաեւ բացայայտեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրի ո՛ր կէտերուն շուրջ Երեւան եւ Պաքու չեն համաձայնած: «Փաստաթուղթի 17 կէտերէն 15ը համաձայնեցուած են, մնացած են 2 կէտեր, եւ Քազանի մէջ Փաշինեանի հետ իմ վերջին հանդիպումիս զգացի, որ Հայաստան կրնայ ընդունիլ այդ 2 կէտերը` այսինքն մեր պայմանները: Կէտերէն մէկը իրարու դէմ միջազգային հայցեր չներկայացնելն է, իսկ միւսը` սահմանին այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ չտեղակայելը», ըսաւ Ալիեւ, որ նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստան ատրպէյճանցիներ բնակեցնելու հարցը։ «Շուրջ 300,000 ատրպէյճանցիներ պաշտօնապէս դիմած են Հայաստանի ղեկավարութեան, որպէսզի իրենց վերադարձի եւ վերահամարկման համար պայմաններ ստեղծուին», նշեց ան՝ դիտել տալով, որ խօսքը 1980-1990ականներուն «Հայաստանէն հեռացած ատրպէյճանցիներուն մասին է»:
«Անոնք վերադառնալու իրաւունք ունին: Հայաստանի ղեկավարութենէն տակաւին պատասխան չենք ստացած, թէ ինչպէս կը տեսնեն ատրպէյճանցիներուն իրենց պատմական հողերը վերադառնալու գործընթացը», ըսաւ Ալիեւ եւ յայտարարեց, որ բռնագրաւուած Արցախի մէջ մնացած հայերը ընկերային աջակցութիւն կը ստանան Ատրպէյճանէն, անոնց կը տրուին ուտելիք եւ «ապահով ապրելու պայմաններ»՝ մանրամասնելով, որ ըստ 2 ամիս առաջուան տուեալներուն` հոն մնացած են շուրջ 20 անձեր։
Ալիեւ նաեւ ըսաւ, որ Պաքու կ՛ողջունէ ռուսական ներդրումները «Ղարաբաղի վերականգնման» մէջ եւ ուրախ պիտի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ տեսնելու ռուսական ընկերութիւններ։ Ըստ անոր՝ ներդրումի առաջին ծրագիրը կատարած է Թաթարիստան:
Ալիեւ յայտնեց, որ Հայաստան փաստօրէն դուրս ելած է ՀԱՊԿէն, իսկ իրաւականօրէն կը հեռանայ կառոյցէն, երբ Ուաշինկթընէն թոյլտուութիւն ստանայ: «Յստակ է, թէ ո՛ւր կ՛երթայ Հայաստան: Անիկա իրողապէս դուրս եկաւ ՀԱՊԿէն: Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն՝ միակ պատճառը, որ անոնք իրաւապէս դուրս չեն գար ՀԱՊԿէն, այն է, որ անոնք տակաւին չեն ստացած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան թոյլտուութիւնը: Թոյլտուութիւնը ստանալէ ետք անոնք դուրս կու գան», յայտնեց Ալիեւ, որ դարձեալ խօսեցաւ Հայաստանի «սպառազինութեան» մասին՝ նշելով, որ Հայաստանին մատակարարուող զէնքը վտանգ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի համար։ Ան նշեց, թէ զէնքը, զոր Մաքրոնի կառավարութիւնը կը մատակարարէ Հայաստանին, «յարձակողական զէնքեր են, մահաբեր, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի համար»։
«Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Հայաստանի հետ մեր սահմանի երկարութիւնը առաւել քան հազար քիլոմեթր է, կան սահմանամերձ բազմաթիւ բնակավայրեր, նախկին գաղթականները կը վերադառնան այդ բնակավայրերուն մեծ մասը, մենք, անշուշտ, չենք կրնար պարզապէս դիտորդի դերին մէջ ըլլալ: Եւ մենք բազմաթիւ անգամներ յայտնած ենք Հայաստանին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան անոնց հովանաւորողներուն, որ զինումը պէտք է դադրեցուի: Բայց, դժբախտաբար, մեզի չեն լսեր, Հայաստանի զինումը յառաջ կ՛երթայ եօթը մղոննոց քայլերով», յայտարարեց Ալիեւ։
Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճան կը ծրագրէ հետագային ալ զէնքեր գնել Ռուսիայէն։ «Բայց պէտք է ըսեմ, որ վերջին երեք տարիներուն, յամենայն դէպս, ռուսական զէնքի գնման նոր պայմանագիրներ չեն կնքուած», ըսաւ ան։
Հայաստանի սպառազինութենէն մտահոգ Ալիեւ նաեւ շեշտեց, որ Հայաստան չի դիմանար Ատրպէյճանի հետ սպառազինութիւններու մրցավազքին: «Հակառակ անոր որ անոնք կը ստանան արեւմտեան զէնքի մեծ մասը անվճար, կամ ապառիկ, բայց նոյնիսկ այս պարագային չեն կրնար դիմանալ մեզի հետ սպառազինութիւններու մրցավազքին: Անոնք պէտք է հասկնան նաեւ, որ հակառակ Մաքրոնի վարչակարգին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան առաւելագոյն աջակցութեան, այստեղ` երկրի վրայ, եթէ մեզի դէմ հերթական սադրանքի ծրագրեն, ոչ ոք կ՛օգնէ իրենց», նշեց Ալիեւ։
Ան նաեւ անդրադարձաւ մամուլին մէջ պարբերաբար շրջան ընող այն լուրերուն, թէ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ ռազմակայան մը կրնայ հիմնուիլ՝ յայտնելով, որ անոնք քաղաքական շահարկումներ են: «Եթէ կարճ` պէտք չէ: Եթէ քիչ մըն ալ ընդլայնեմ իմ պատասխանս` նկատի ունենալով, որ երբեմն այդպիսի տեղեկատուութիւն կը յայտնուի կարգ մը լրատուամիջոցներու մէջ, պէտք է ըսեմ, որ անոր կարիքը չկայ։ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններուն մասին «Շուշայի հռչակագիր»ին մէջ կայ կէտ մը, որ կը նախատեսէ փոխադարձ ռազմական օգնութիւն սպառնալիքներու եւ յարձակումներու պարագային։ Այդպիսով թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է օգնութեան հասնիլ այն պարագային, երբ այս կամ այն երկիրը բախի արտաքին սպառնալիքի մը, կամ արտաքին յարձակումի մը: Առ այդ, հռչակագիրի այս կէտը, ըստ էութեան, բացարձակապէս աւելորդ կը դարձնէ այս կամ այն տարածքին մէջ մնայուն ռազմական ենթակառուցուածքներու հիմնումը», յայտնեց Ալեւ: