Փաստաբաններու երկու տեսակներ կան: Ճարպիկներ եւ անճարակներ: Առաջինները մարդոց կենդանութեան կը բռնեն զանոնք օձիքէն եւ մինչեւ մահուան սնարը կը հետապնդեն զանոնք, որպէսզի չըլլայ թէ առանց իրենց բաժինը տալու, կամ շահու մեծ բաժին մը իրենց զիջելու, «փախչին» այս կեանքէն:
Երկրորդ տեսակի փաստաբանները, որոնք վկայեալներ չեն խորքին մէջ, սակայն իր շահը փնտռող փաստաբանին նման կը հետապնդեն ոեւէ մէկը, որուն ունեցած անունէն, վաստակէն, դրամէն կամ նոյնիսկ իրենց վրայ իյնալիք շուքէն կրնան օգտուիլ: Այդ շուքը միայն կիզիչ արեւէն պաշտպանուելու համար չեն ուզեր անոնք, այլ անոր ներքեւ բարոյական տաղաւար մը շինելու եւ տուեալ անձին հեղինակութեան տակ ծուարելու:
Փաստաբանական նման «գրասենեակներ» հաստատողները մանուկ տարիքէն կը հետեւին մարդոց, գտնելու համար «հարուստ»՝ այսինքն՝ համբաւաւոր անձեր, անոնց վաստակաշատ «քսակէն» օգտուելու համար կարելի եղած չափով: Ասոնք անճարակ փաստաբաններն են սակայն, որոնց ապահոված շահը քանի մը օրուան ընթացքին կը սպառի: Աղքատ փաստաբաններու նման, ասոնք իրենց ապահոված շահը կը մսխեն ծանուցումներու պատրաստութեան եւ տարածման, սակայն ապարդիւն կը մնան իրենց ջանքերը: Ուստի, դարձեալ կը վերադառնան իրենց նախկին «արհեստին», անուանի «հարուստները» թալանելու վատ ունակութեան: Անճարակ այս փաստաբաններուն դրամագլուխները չեն սպառիր: Անոնք ո՛չ միայն ապրողները կողոպտելու կը տքնին, այլ իրենց գերեզմաններուն մէջ հանգիստ չեն թողուր «մեծահարուստ» մեռելները, որոնց մահացած ըլլալը աւելի նպաստաւոր է իրենց համար, քան՝ ողջ մնալը: Մեռածներուն համր ըլլալը մեծապէս կ’օգնէ այս փաստաբաններուն պերճախօսութեան: Ողջերու դիմաց Զաքարիայի պապանձման փորձառութիւնը ապրող այս թշուառականները մեռելներու մասին խօսած ու անոնցմէ վկայակոչութիւն մէջբերած ատեն, մէկական ճարտասան կը դառնան:
Ոմանք սովորութիւն ունին միշտ մեռելներու մասին խօսելու: Ծեր տարիքին բնական է այս երեւոյթը, որովհետեւ իր տարիքը առած մարդուն հարազատները, բարեկամներէն ու ընկերներէն շատերը անդիի աշխարհ գացած կ’ըլլան, եւ ինք ստիպուած կ’ըլլայ անցեալի յուշերով ապրիլ: Տակաւին, ծերացած մարդուն համար աւելի դիւրին է անցեալի դէպքերը վերյիշել, քան թէ քանի մը վայրկեան առաջ իր ձեռքը թօթուած մարդը յիշել: Ծերութեան մեզի ընծայած բարիքներէն մին ալ այն պիտի ըլլայ, հետեւաբար, որ պիտի կարենանք իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով վերյիշել մեր մանկութեան ու կանուխ պատանեկութեան շրջանի բոլոր դէպքերը, ինչպէս նաեւ հոգեպէս պիտի հաղորդուինք մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած սիրելիներու հետ:
Անհեթեթ ու անբնական երեւոյթ է սակայն, երբ երիտասարդ տարիքին նման սովորութիւն կ’ունենայ անձ մը: Մեռելները վերյիշել՝ լաւ ու գնահատելի երեւոյթ է: Իսկ անոնց հոգւոյն համար աղօթողին՝ երկնային վարձատրութիւն ալ կը սպասէ: Սակայն միշտ զանոնք յիշելը բռնազբօս կերպով, կամ մանաւանդ զանոնք սիրողներուն ներկայութեան, վասն շողոքորթութեան, կը նշանակէ՝ անպայման դիտում մը ունենալ: Մեռելները այսպէս օգտագործելը կրկնակի յանցանք է, քան անոնց կենդանութեան զանոնք շահագործելը, որովհետեւ մեռելը կարողութիւն չունի այլեւս հաշուեքննութեան նստելու մեզի հետ: Ուստի կարելի չէ՛ մեռելին հոգեկան հանգիստը վրդովել, խանգարել անոր յաւիտենական քունը՝ չարաշահելով անոր անունը, վաստակը, մէկ խօսքով անոր սեփականութիւնը եղող հարստութիւնները:
Մեռելները օգտագործելու դրական կերպ մը կայ, եթէ իսկապէս կը սիրէինք ու կը յարգէինք այն անձը, որուն շուքին տակ կ’ուզենք ապրիլ մեր կեանքին մնացած օրերը: Ատիկա՝ նմանիլն է: Նմանիլ՝ սակայն ո՛չ միայն արտաքնապէս այլ՝ ներքնապէս, հոգեպէս: Այսպիսով մարդիկ տիպարներ ստեղծած են իրենց համար, փորձելով նմանիլ անոնց եւ կերպարանափոխել իրենց ներքին կեանքը:
Կերպարանափոխուիլ կը նշանակէ մասնաւոր ճիգով մը որդեգրել մտատիպար անձին առաքինութիւնները: Շատեր որդեգրումի այս գործընթացին մէջ կը կորսուին, առաքինութեանց հետ նաեւ տուեալ անձին թերութիւնները ընդօրինակելով: Բնականօրէն կատարեալ մարդ չկայ աշխարհի վրայ: Ամէնքս ալ սուրբեր ըլլալու կոչուած ենք, սակայն մեզմէ շատեր ձախողած են ու կը ձախողին այս քննութեան մէջ մեղքին պատճառաւ: Բայց երբ կ’ընտրենք մտատիպար մը, զոր մեր կեանքին ուղեցոյցը պիտի դարձնենք, պէտք է զգոյշ ըլլանք անոր հետեւելու մեր ընթացքին, ենթակային մարդկային տկարութիւններէն հեռու մնալու հետամուտ ըլլալով: Այլապէս հիւանդագին երեւոյթ մը ի յայտ կու գայ, որ հոգեբանական իւրայատուկ վիճակ մըն է կարգ մը մարդոց մօտ:
Այլազան երկիրներու համալսարաններուն մէջ, փաստաբանական ճիւղին հետեւող մեծ թիւով ուսանողներ կան, որոնցմէ եւ ո՛չ մէկը ապագային անճարակ փաստաբան կ’ուզէ դառնալ: Ամէնքն ալ մեծ գումարներ կ’ուզեն ապահովել եւ բարձր վճարուիլ իրենց յաճախորդներուն կողմէ: Անոնք պէտք չունին մտատիպար մը ընտրելու, որովհետեւ անոնց մտատիպարը օրէնքն է: Օրէնքին հեղինակաւոր լեզուով կը խօսին անոնք եւ անոր արտօնած բոլոր դարձուածքները կը գործադրեն իրենց ճարտարութեամբ: Իսկ մեր մատնանշած անճարակ փաստաբանները մեռելներու անունով խօսելէն, իրենց գիտցածն ալ կը մոռնան յաճախ, իրարու խառնելով հինն ու նորը, պիտանին ու անպէտը:
Բարեկամ մը, ակնարկելով անճարակ «փաստաբան»ի մը, հարց կու տար, թէ արդեօ՞ք ան կրնայ յանկարծ փոխուիլ ու լքել իր տարիներու սովորութիւնը: Նոյն հարցումը խոհեմ ծերունիի մը ուղղած ըլլալով, անոր փորձառութիւնը այստեղ կ’արձանագրեմ.
«Մարդ ինչ որ էր ութ տարեկանին, նոյնը կը մնայ մինչեւ ութսուն: Իսկ եթէ անկէ վերջ պիտի փոխուի… արդէն զառամած կ’ըլլայ, ու կարելի չըլլար ամբողջութեամբ վստահիլ ըսածներուն: Ընտանեկան դաստիարակութիւնը մեծ դեր կը խաղայ՝ կանխելու համար նկարագրային նման գիծեր: Ծնողներու կողմէ անձնական օրինակով ուսուցուած ինքնավստահութիւնը կրնայ զսպել ուրիշներու փառքով փառաւորուելու մանկամիտ զգացումները մարդուն մէջ: Իւրաքանչիւր մարդուն փառքը իր իմացական աստուածատուր կարողութիւնն է: Ո՛չ ոք պէտք է ջանայ ի զուր տեղ փառք վաստկիլ, այլապէս պիտի նմանի անճարակ փաստաբանին, որ գերեզմանակրկիտ դառնալով, ամէն օր պիտի փորձէ նոր մեռել մը «կեանքի կոչել», օգտուելու համար անոր փառքէն ու հռչակէն: