Մէկուկէս դար առաջ, Զարթօնքի շրջանի վիպապաշտ բանաստեղծներէն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան երգած էր՝ «Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն/Քան զանձկալի եղբայր անուն»:
Վիպապաշտ չէ Հայաստանի նախագահութեան թեկնածու Վահան Յովհաննիսեան: Ան կացութիւնները սթափ գնահատող քաղաքական գործիչ է, որ երէկ հրապարակելով իր նախընտրական ծրագիրը, կ’առաջադրէ «ազատ քաղաքացիներով ազատ երկիր կառուցել»:
Անազատ քաղաքացիներով կարելի չէ ազատ երկիր կառուցել: Անազատ, կաշկանդուած, երկու-չափ-երկու-կշիռի զոհ քաղաքացին չի կրնար երկիր կառուցել: Լաւագոյն պարագային՝ կրնայ գոյութիւն քաշքշել: Իսկ գոյութիւն քաշքշող բնակչութեամբ որեւէ երկիր, իր կարգին նոյնպէս, միայն կրնայ… գոյութիւն քաշքշել, ոչ թէ զարգանալ, բարգաւաճիլ ու արժանապատիւ ազգերու կողքին իր նոյնքան արժանի տեղը գրաւել:
«Իմ նպատակն է ազատ քաղաքացիներով կառուցել ազատ երկիր», կը յայտարարէ Վահան Յովհաննիսեան, մեկնելով ազատ քաղաքացի-ազատ երկիր գաղափարական վճիտ հիմնաւորումէն:
Ան կը ձգտի Հայաստանն ու հայութիւնը, իր բոլոր հատուածներով, հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ, որակական նոր ոստումի մը ուղիէն առաջնորդել: Տարբեր խօսքով, ոչ թէ քանի մը աստիճանի, ոչ թէ քանի մը նոթայի, այլ՝ օքթաւի մը գաղափարը առաջ կը մղէ ան: Եթէ պիտի զարգանանք, յառաջխաղացք արձանագրենք, բարգաւաճինք ու ազդու դերակատրութեան ձգտինք տարածաշրջանէն ներս, այդ պարագային ընթացիկ բարեկարգումներվ, տնտեսական, ընկերային, քաղաքական կամ գիտական ընթացիկ՝ գեղագիտական ու խորհրդանշական փոփոխութիւններով չէ, որ պիտի կարենանք իրագործել նոր որակի ոստումը:
Այս անցումը կարելի է իրագործել այն ատեն միայն, երբ նախագահը կը ղեկավարէ ամբողջ հայութեան ճիգերը, ուղի կը հարթէ, յոյս ու հաւատք կը ներշնչէ իր ժողովուրդին:
Սակայն դարձեալ կու գանք նոյն բանալի բառերուն: Ազատ երկի՞ր՝ կարելի է, բայց միայն ազա՛տ քաղաքացիներու ճիգերով:
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «քան զանձկալի եղբայր անուն»ը կարելի՛ է շարունակել Վահան Յովհաննիսեանական հնչողութեամբ, ու զայն փոխարինել՝ «իմ նպատակն է ազատ քաղաքացիներով կառուցել ազատ երկիր» միտքով: