Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատակամ է շարունակելու իր ջանքերը` խաղաղութեան, ապահովութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան փափաքելի նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 49րդ հանդիպումին ընթացքին իր խօսքին մէջ այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գործող նախագահ Արարատ Միրզոյեան:
Ընդգծելով, որ «տարածաշրջանային երկխօսութիւնը փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման բանալին է»` Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հանդէս եկած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեամբ, որ նպատակ ունի զարգացնելու տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը:
Իբրեւ հիմք՝ Միրզոյեան ընդգծեց պետական գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան կատարեալ յարգանքին եւ իրաւահաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներու կիրարկման կարեւորութիւնը:
«Հայաստանը եւ Թուրքիան արդէն համաձայնել են համատեղ գնահատել Գիւմրի-Կարս երկաթուղով սահմանի անցման տեխնիկական (արհեստագիտական) պահանջները: Երեւանը միեւնոյն ժամանակ երկաթուղային ենթակառուցուածքը վերագործարկելու, սահմանի հատման եւ մաքսային ընթացակարգերի պարզեցման եւ երկու անվտանգութեան որոշ լրացուցիչ մեխանիզմներ (գործիքակազմեր) ապահովելու եղանակներ է առաջարկել Բաքուին», ըսաւ Միրզոյեան՝ աւելցնելով.«Հայաստանը յանձնառու է կառուցողական եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան ՍԾՏՀԿ շրջանակներում` սեւծովեան տարածաշրջանում եւ դրանից անդին խաղաղութեան ու կայունութեան օրակարգն առաջ մղելու համար»: