
Կիրակի, 22 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Քեսապ, ուր դիմաւորուեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ: Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին Արմէն աբղ. Գալաճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ռէյիսեան եւ Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան:
Սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ հոգեւոր տեսուչին եւ թաղական խորհուրդին հետ եւ անոնց հետ քննարկեց ներկայ իրավիճակին վերաբերող հարցեր, ապա, Եսայի վրդ. Էօրտէքեան Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, սրբազան հօր ընկերակցող պատուիրակութեան եւ քեսապահայութեան ներկայութեամբ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց:


Առաջնորդ սրբազանը տուաւ օրուան պատգամը, որուն ընթացքին ան փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառին օրհնութիւնները եւ յայտնեց, թէ հայրապետը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով՝ կը գօտեպնդէ եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ քեսապահայութեան:
Անդրադառնալով տիրող իրավիճակին՝ սրբազանը յուսադրեց ժողովուրդը՝ յայտնելով, որ Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը իր բոլոր ուժերով եւ կարողութիւններով միշտ ժողովուրդին կողքին է եւ պիտի մնայ: Ան գօտեպնդեց հաւատացեալները եւ պատուիրեց, որ չվախնան, երեւոյթներէն չազդուին, այլ ընդհակառակը իրենց հաւատքը գործի լծած՝ պայքարին, համբերութեամբ սպասեն եւ ամէն բան անպայման լաւ պիտի ըլլայ։