
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի գծով օգնական Պարպարա Լիֆ Դամասկոսի մէջ ամերիկեան դիւանագիտական պատուիրակութեան հետ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմատ Շարհի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց հետեւեալը. «Սուրիացիներուն հետ հաղորդակցիլը եւ ուղղակի կերպով անոնց մտիկ ընելը կարեւոր առիթ էր: Սուրիացիները հազուադէպ առիթ ունին իրենց երկիրը վերաշինելու եւ կառուցելու: Ժամանակաւոր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն, ներառեալ Ահմատ Շարհի հետ քննարկեցինք այն սկզբունքները, որոնց շուրջ մեր գործընկերներուն հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք: Կ՛ողջունենք դրական պատգամները եւ այդ սկզբունքներուն շուրջ գործերու ճամբով յառաջընթաց կը սպասենք եւ ոչ թէ խօսքեր»:
Լիֆ ըսաւ որ իրենք կը զօրակցինք սուրիացիներուն ղեկավարած քաղաքական հոլովոյթին, որ կը յանգեցնէ համապարփակ կառավարութեան մը, որ կը յարգէ բոլորին իրաւունքները:
«Քննարկեցինք ահաբեկչական խմբաւորումներուն Սուրիոյ մէջ սպառնալիք չներկայացնելը երաշխաւորելու կարիքը, եւ Ահմատ Շարհ անոր յանձնառու դարձաւ: Կը յուսանք տեղեկութիւններ բացայայտել ճակատագիրին շուրջ ամերիկացի քաղաքացիներու, որոնք Պաշշար Ասատի վարչակարգի օրերուն անհետացան։ Աշխատանք կը տանինք յաւելեալ ամերիկացի պաշտօնատարներ Դամասկոս ուղարկելու` օգնելու համար ամերիկացի քաղաքացիներու որոնման », ըսաւ Լիֆ՝ աւելցնելով. «Իրան Սուրիոյ մէջ բացարձակապէս որեւէ դերակատարութիւն պիտի չունենայ եւ պէտք չէ ունենայ, իսկ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ մեծ դերակատարութիւն, պատմական ազդեցութիւն եւ ազգային ապահովութեան շահեր ունի: Սուրիոյ օժանդակութիւն պիտի տրամադրենք փաստագրելու Ասատի ոճիրները, եւ հաւաքական գերեզմանները մեզի համար առաջնահերթութիւն պիտի ըլլան: Շարհին ըսինք, որ Ուաշինկթըն պիտի չշարունակէ զինք ձերբակալելու համար պարգեւ առաջարկել»:
Նշենք, որ Ուաշինկթըն 10 միլիոն տոլար վարձատրութիւն խոստացած էր Ուաշինկթընի կողմէ ահաբեկչական որակուած «Հայըաթ Թահրիր Շամ» խմբաւորումի ղեկավար Շարհը ձերբակալելու առաջնորդող տեղեկութիւն փոխանցողին: