Լիբանանի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Կիրակի օր այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար, «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ի ղեկավար Ահմատ Շարհի հետ:
«Սուրիա մտահոգութիւն եւ նեղութիւն պատճառելու աղբիւր էր, եւ լիբանանեան հարցերուն մէջ անոր միջամտութիւնը ժխտական էր: Սուրիական վարչակարգը սպաննեց Քամալ Ժոմպլաթը, Պաշիր Ժեմայելը եւ Ռաֆիք Հարիրին: Մեր ճակատամարտը շրջանը փրկեց շրջանային մեծ պատերազմէ եւ թերեւս ալ համաշխարհային պատերազմէ, եւ Սուրիա այժմ նոյն հեռաւորութեան վրայ կը կանգնի Լիբանանի մէջ բոլոր կողմերէն, եւ առաջուան պէս որեւէ ժխտական միջամտութիւն պիտի չըլլայ», հանդիպումին ընթացքին յայտնեց Շարհ եւ անդրադառնալով Լիբանանի շիիներուն հետ հաշտութեան հարցին` աւելցուց. «Շիիները լիբանանեան հասարակութեան մէկ մասն են, եւ նոր էջ պիտի բանանք Լիբանանի բոլոր կողմերուն հետ, անկախ անկէ, թէ նախապէս ի՛նչ տեղի ունեցաւ, պայմանով, որ լիբանանեան որեւէ կողմ անգամ մը եւս Սուրիոյ մէջ կռիւին չմասնակցի»:
Ժոմպլաթ իր արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց սուրիացի ժողովուրդը՝ իր արձանագրած մեծ յաղթանակին առիթով: «Ձեզ կ՛ողջունենք տառապանքէն եւ բռնապետութենէն ձերբազատելու նպատակով ձեր մղած ճակատամարտին համար: Ճամբան երկար է, եւ մենք ու դուք կը տառապինք իսրայէլեան ընդարձակումէն» ըսաւ Ժոմպլաթ՝ աւելցնելով. «Կը մաղթենք, որ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւնները դիւանագիտական յարաբերութիւններու ճամբով իրենց բնական հունին վերադառնան, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ հաշուետուութեան ենթարկուին բոլոր անոնք, որոնք լիբանանցիներուն դէմ ոճիր գործեցին, նաեւ կը յուսանք, որ արդար դատի ենթարկուին անոնք, որոնք սուրիացի ժողովուրդին դէմ ոճիր գործեցին, եւ կարգ մը բանտարկութեան ճամբարները պատմութեան թանգարանի վերածուին: Սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրները կը նմանին Կազայի եւ Պոսնիոյ մէջ գործուած ոճիրներուն, որոնք մարդկութեան դէմ ոճիրներ են»: