Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեց Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանը եւ դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, անձնակազմին եւ աշակերտներուն կողմէ:
Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերակցէին Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամ Գեւիկ Պաղտասարեան, ինչպէս նաեւ Խնամակալ մարմինի անդամ Արլին Զէնեան:
Իրենց առաջնորդ հօր հետ հանդիպումը աշակերտները իմաստաւորեցին տօնական հնչեղութեամբ եւ ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն աւարտին սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տարուած բծախնդիր աշխատանքին համար: Ան նաեւ յատուկ գնահատանքի արժանացուց ծնողները՝ ըսելով, որ վարժարանի պատասխանատուներուն կողքին կարեւոր է ծնողներուն դերը: «Նորուղէշ բարձրացող փոքր ծառերու ցանկապատին կը նմանի, որպէսզի նորատունկ ծիլերը ճիշդ ձեւով աճին ու բարգաւաճին. այսպէս են նաեւ մեր ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն ետին կանգնած ցանկապատներ են, կը խնամեն ու կը հոգան իրենց որդիները, որպէսզի անոնք հաստատուն ծառ դառնան ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքի մէջ», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը, ապա իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց վարժարանի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն:
Պաշտօնական բաժինի աւարտին, առաջնորդը նաեւ այցելեց դասարանները, մտերմօրէն զրուցեց աշակերտական խումբերուն ու պատասխանատուներուն հետ եւ մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի բաժանումներուն, ծրագիրներուն ու իւրաքանչիւրի գործունէութեան: