Հայաստանի ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան 23 Դեկտեմբերին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը, յայտնեցին ներքին գործոց նախարարութեան հանրային հաղորդակցութեան եւ իրազեկման վարչութենէն` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ դեսպանը շնորհաւորեց եւ Արփինէ Սարգսեանին փոխանցեց Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարար Վլատիմիր Քոլոքոլցեւի շնորհաւորական նամակը:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու արդիւնաւէտ գործընկերութիւնը:
Սարգսեան արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին՝ նշելով, որ իրենք պատրաստակամ են շարունակելու երկկողմ գործընկերութիւնը եւ ընդլայնելու գործակցութեան ուղղութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր: