ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Փետրուար 4ին, Կազա-Եգիպտոս սահմանին վրայ պաղեստինցի ցուցարարներու եւ սահմանը մէկ օր առաջ փակած եգիպտական ուժերուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան:
Ականատեսներ եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժումի ապահովական պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ եգիպտացի զինուորներ Կիրակի օր փակեցին Կազայի հետ Եգիպտոսի սահմանին վրայ յառաջացած բացուածքները՝ վերջ տալով շրջափակումի ենթարկուած պաղեստինցիներու ազատ ելեւմուտքին:
«Համաս»ի ոստիկանութիւնը օժանդակեց սահմանի փակման աշխատանքին՝ եգիպտացի զինուորներուն դէմ քար արձակող պաղեստինցիները զսպել փորձելով, կամ զանոնք ձերբակալելով։
Յատկանշական է, որ «Համաս»ի զինեալները մասնակցած էին սահմանի պատը ականահարելով անցքեր յառաջացնելու աշխատանքին:
Ըստ ականատեսներու եւ «Համաս»ի ապահովական պաշտօնատարներու՝ եգիպտական ուժերը պաղեստինցիներուն կ՚արտօնէին Եգիպտոսէն Կազա վերադառնալ, սակայն արգելք կը հանդիսանային հակառակ ուղղութեամբ երթալ ուզողներուն։
«Համաս»ի բարձրաստիճան ղեկավար Մահմուտ Զահհար անցեալ շաբաթ եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, որ Եգիպտոս սահմանը պիտի փակէ «Համաս» շարժումին հետ գործակցաբար, սակայն ան ըսաւ, թէ փակումը ժամանակաւոր է, մինչեւ որ եգիպտացիները սահմանը վերաբանալու նոր միջոցներ քննեն։
Սահմանին վրայ իսլամական «Համաս» շարժումին կողմէ որեւէ դերակատարութիւն վստահաբար պիտի զայրացնէ Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը, որովհետեւ այդ մէկը համազօր է Կազայի մէջ «Համաս»ի իշխանութեան ճանաչման։
Ըստ Զահհարի՝ Եգիպտոս համաձայնեցաւ սահմանային կարգ մը հարցերու վերաբերեալ «Համաս»ի հետ համակարգումին, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ մնացած հազարաւոր պաղեստինցիներուն արտօնելու, որ ուղղուին այլ երկիրներ, ուր մուտք գործելու կամ կեցութեան արտօնագիրներ ունին։
Զահհար ըսաւ, թէ Եգիպտոս կը ծրագրէ շրջան այցելող եւրոպացի պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումէն ետք վերաբանալ սահմանը։
Միւս կողմէ, Կազայի պաղեստինեան կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ յայտնեց, որ ինք Կազայի տնտեսութիւնը Իսրայէլէն անջատուած կ՚ուզէ տեսնել, փոխարէնը՝ վառելանիւթ ու ելեքտրականութիւն ստանալ Եգիպտոսէն։ Կարգ մը իսրայէլացի պաշտօնատարներ դրական կը համարեն նման քայլ մը, սակայն Եգիպտոս, որ կը դժկամի միլիոնաւոր պաղեստինցիներու պատասխանատուութիւնը ստանձնել եւ Կազայի մէջ «Համաս»ի իշխանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալ, զայրոյթով հակադարձած է այդպիսի առաջարկներու։
Կարգ մը դէտեր կը յայտնեն, որ Կազայի նկատմամբ պատասխանատուութիւնը Եգիպտոսի փոխանցելու Իսրայէլի ջանքերը երկու երկիրներուն միջեւ կրնան լուրջ խզում մը յառաջացնել։