Ուաշինկթըն արձագանգեց Հայաստանը զինելու մասին Ատրպէյճանի նախագահին մեղադրանքներուն՝ «Ազատութեան» յայտնելով, որ թէ՛ Հայաստանին եւ թէ Ատրպէյճանին՝ Միացեալ Նահանգներու ապահովական աջակցութիւնը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի ուժերուն հետ փոխգործակցութեան ամրապնդման՝ բարելաւելու համար բանակին արհեստավարժութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ երկու երկիրներուն սահմանի ամրապնդման։
Ռուսական պետական պատկերասփիւռի կայաններուն տուած իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին Իլհամ Ալիեւ շեշտած էր, որ Հայաստանին զէնք մատակարարելուն մէջ առաջատարը Ֆրանսան է, երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Հնդկաստան, իսկ երրորդը՝ Միացեալ Նահանգները։
«Ֆրանսան ու Հնդկաստանը չեն ծածկեր, որ Հայաստանին մահաբեր զէնքեր կը մատակարարեն, Միացեալ Նահանգները չի խոստովանիր, բայց մենք հետեւած ենք (ամերիկեան) ռազմական բեռնատար օդանաւերուն, որոնք վայրէջք կը կատարեն հայկական օդակայաններուն մէջ եւ զինամթերք կը տանին», ըսաւ Ալիեւ։
«Ազատութիւն»ը դիտել տուաւ, որ թէ՛ Երեւան եւ թէ Ուաշինկթըն երբեք չեն յայտարարած զինամթերքի մատակարարման մասին՝ հարցնելով, որ ի՞նչ զինամթերքի մասին կը խօսի Ալիեւ, եւ արդեօք իրականութեան կը համապատասխանէ՞ անոր ըսածը։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր ուղղակի չպատասխանեց, այլ՝ ըսաւ հետեւեալը. «Միացեալ Նահանգները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին իր ապահովական աջակցութիւնը այնպէս կը հաշուէ, որ վստահ ըլլայ, թէ անիկա յարձակողական նպատակներով կիրարկելի չէ եւ չի վտանգեր կամ խոչընդոտեր կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան բանակցութիւններու շարունակական ջանքերը»։
Միլըր նաեւ շեշտեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ շարունակական կապերուն՝ աշխատելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։