«Լիդիան Արմենիա» ընկերութեան բաժնետոմսերուն 12.5 տոկոսը փոխանցուեցան Հայաստանի կառավարութեան, փոխանցեցին Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութենէն:
27 Դեկտեմբերին, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ համապատասխան պայմանագիրի ստորագրութեան արարողութիւնը. Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ստորագրեց տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, իսկ «Լիդիան Արմենիա»ի՝ ընկերութեան տնօրէն Հայկ Ալոյեան:
Այս ծրագիրով արդէն իսկ կատարուած է 500 միլիոն տոլարի ներդրում մը, նախատեսուած է յաւելեալ 250 միլիոն տոլարի ներդրում իրականացնել, այդպիսով պիտի ստեղծուին նաեւ շուրջ 1000 նոր աշխատատեղեր:
Ըստ Պապոյեանի՝ այս պայմանագիրին ստորագրութիւնը ցուցանիշ է, որ յաջողութեամբ յաղթահարուած են բոլոր փուլերը, իրականացուած է շատ մանրամասն աշխատանք մը, իսկ բոլոր վտանգները կամ մտահոգութիւնները փարատած են:
«Սա մի մեգապրոյեկտ(հսկայ ծրագիր) է, որը յանգեցնելու է աւելի քան հազար աշխատատեղերի ստեղծմանը, պետական բիւջէ հարկերի տեսքով վճարումներ կատարելուն, բայց որ ամենակարեւորն է, նպաստելու է տուեալ համայնքի զարգացմանը: Մենք հաւատում ենք այս նախագծի յաջողմանը», նշեց Պապոյեան:
Հայկ Ալոյեան, իբրեւ պատասխան լրագրողներու հարցումին, յայտնեց, որ Ամուլսարի հանքի շինարարական աշխատանքները ընթացք պիտի առնեն յառաջիկայ եռամսեակին, իսկ բուն շահագործումը նախատեսուած է 2025ի չորրորդ եռամսեակին: