Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մօտ ատրպէյճանական օդանաւի մը ջախջախումին պատճառներու հետաքննութիւնը կը վարէ Ղազախստան, որուն կը մասնակցին նաեւ Ատրպէյճանի եւ Պրազիլի (օդանաւը Պրազիլի արտադրութիւն է) ներկայացուցիչները: Այս մասին կը հաղորդէ Ղազախստանի փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը:
Օդանաւը ջախջախուած էր 25 Դեկտեմբերին: Օդանաւին մէջ կային 67 անձեր, որոնցմէ 38ը մահացած է։
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ նախնական տուեալները ցոյց կու տան, թէ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ մը թերեւս հարուածած է ատրպէյճանական օդանաւը:
Պաշտօնատարը աւելցուց, որ եթէ հաստատուի, թէ ցուցանիշները ճիշդ են, Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ Ռուսիոյ անպատասխանատու վարմունքը պիտի հաստատէ:
Ատրպէյճանի կառավարութեան աղբիւրներ «Եուրոնիուզ»ին յայտնեցին, որ Աքթաուի մէջ ատրպէյճանական օդանաւին ջախջախեցաւ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգէ մը արձակուած հրթիռին պատճառով:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ հրթիռը արձակուած է թիւ 8432 թռիչքին ուղղութեամբ Կրոզնիի վերեւը անօդաչու թռչող սարքերու դէմ գործողութեան մը ընթացքին եւ օդին մէջ պայթելէ ետք անոր բեկորները հարուածած են ճամբորդները եւ անձնակազմը: Կառավարութեան աղբիւրները նաեւ յայտնեցին, որ վնասուած օդանաւին չեն արտօնած էջք կատարել Ռուսիոյ օդակայաններուն մէջ, հակառակ օդաչուներու կողմէ արտակարգ վայրէջք կատարելու խնդրանքին: Փոխարէնը անձնակազմին յանձնարարուած է Կասպից ծովուն ճամբով ուղղուիլ Ղազախստանի Աքթաու