Պոլսոյ Կալաթայի կամուրջին վրայ եւ շուրջը, 1 Յունուարին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի տղուն՝ Պիլալ Էրտողանի եւ 308 ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Արեւը կը ծագի» խորագիրով հանրահաւաքը՝ զօրակցութիւն յայտնելու համար պաղեստինցիներուն։
Նախորդ օրը, թրքական պաշտօնական TRT լրասփիւռը այս մասին լրատուութեան մէջ կը գրած էր հետեւեալը. «Նոր տարուան առաջին օրը Պոլիս պիտի դառնայ պատմութեան ամէնէն մեծ բողոքի ցոյցերէն մէկուն թատերաբեմը: Հարիւր հազարաւոր մարդիկ Պաղեստինի համար պիտի հաւաքուին Կալաթայի կամուրջին վրայ՝ «Երէկ՝ Սուրբ Սոֆիա, այսօր՝ Օմայատներու մզկիթը (Դամասկոս), վաղը՝ Աքսա (Երուսաղէմ)» կարգախօսով։ 308 ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք այս երթին նպատակն է դատապարտել Իսրայէլի բռնաճնշումը։ Առաւօտեան աղօթքէն ետք Պաղեստինի զօրակցութեան ուղերձ մը պիտի յղուի ամբողջ աշխարհին»։
Թուրքիոյ երիտասարդական հիմնարկութեան ընկերային ցանցի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ բնակչութեան կոչ կը յղուէր՝ 1 Յունուարի առաւօտեան ժամը 8.30ին համախմբուելու Կալաթայի կամուրջին վրայ։
«Մենք կը հաւատանք, որ մութ օրերէ ետք՝ արեւը կը ծագի», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ։
Ամէն ինչ ըսուած է այս քանի մը տողերով… եւ առանց դոյզն բարդոյթի։ Արդէն, արդեօք կարելի՞ է խօսիլ բարդոյթի մը մասին, երբ ուրիշին պատկանող ամէն ինչին իւրացումը եւ բռնագրաւումը հպարտութեան ամէնէն մեծ աղբիւրն է խնդրոյ առարկայ հաւաքականութեան։
Ձեր ուշադրութենէն խուսափած պէտք չէ ըլլայ, որ Սուրբ Սոֆիայէն ետք Դամասկոսի Օմայատներու մզկիթը արդէն ներառուած է անոնց «աւար»ին մէջ, մինչ Երուսաղէմի Աքսային ճակատագիրին համար ճշդուած ժամանակն ալ «վաղ»ն է։
Փանթուրանութիւնը կը յառաջանայ մեծ քայլերով, աղմուկով եւ անզուսպ, խոր քունի մէջ գտնուող Արեւմուտքի եւ ընդհանրապէս ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ։
Ո՞վ է յաջորդը։
Յատկանշական է, որ թրքական մամուլը հաղորդեց, թէ մեծ յաջողութեամբ գործադրուած է նախատեսուած ձեռնարկը. թէեւ այս մասին լրատւութիւններու մէջ, ակնկալուած «հարիւր հազարաւորներու բազմութիւնը» իր տեղը զիջած էր «տասնեակ հազարաւորներու», իսկ ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ «հազարաւորներու»։