Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը Հայաստանի մէջ եւրոպական դիտորդներու առաքելութեան կողմէ՝ մաղթելով երջանիկ եւ խաղաղ տարի մը:
«Մենք հպարտ ենք, որ հաւատարիմ կը մնանք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու ապահովութեան նպաստելու մեր առաքելութեան», կ՛ըսուի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հաղորդագրութեան մէջ: