

Կիրակի, 29 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հանդիսաւոր Ս. պատարագին, իր կողքին ունենալով թեմի նախկին առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը եւ Թորգոմ արք. Տօնոյեանը, եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը եւ քահանայ հայրեր: Օրուան պատարագիչն էր Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան. խարտաւիլակութիւնը կատարեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, մինչ եկեղեցւոյ դասը լեցուցած էին թեմի հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ ու դպիրներ:
Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան, Հայ Աւետարանական համայնքապետ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, եկեղեցւոյ նախկին եւ ներկայ հոգաբարձութիւններու անդամներ, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հոծ բազմութիւն մը:


Պատարագին ընթացքին, բարձր տնօրինութեամբ Կիլիկիոյ աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ առաջնորդը յատուկ աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ ծայրագոյն վարդապետի իշխանութիւն շնորհեց Զարեհ վրդ. Սարգիսեանին, ապա քարոզեց՝ իր խօսքը խարսխելով Մատթէոս Աւետարանի 28րդ գլխուն 18-20 համարներուն վրայ, ուր Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն կը թելադրէ երթալ դէպի աշխարհի ժողովուրդները եւ զանոնք աշակերտ դարձնել Իրեն, անոնց ուսուցանելով այն բոլոր պատուիրանները, զորս Մեծ Վարդապետը տուաւ իր աշակերտներուն: Յիսուս Քրիստոսի այս խօսքերուն հետեւութեամբ, Գեղամ արքեպիսկոպոսը ընդգծեց Հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքի քարոզչութեան եւ ուսուցման կարեւորութիւնը՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, յատկապէս հաւատքի ամրապնդման եւ պահպանման առումով, միաժամանակ շեշտելով, որ Հայ եկեղեցւոյ եւ անոր սպասարկուներուն կողմէ որքան որ կարեւոր է քրիստոնէական հիմնարար սկզբունքներուն մասին քարոզելը եւ սորվեցնելը, նոյնքան անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները յանձնառու ըլլան իրենց ճշմարիտ հաւատքի անվտանգ պահպանման եւ կիրարկման՝ առիթ չտալով, որ սխալ կամ մոլար վարդապետութիւններ մուտք գործեն հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Շնորհաւորելէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը, գաղութը եւ Կլենտէյլի մեծ ընտանիքը՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը շնորհաւորեց ծայրագոյն վարդապետի տիտղոսակիր՝ նորոգ ընծայեալ հայր սուրբը եւ անոր մաղթեց բեղուն ծառայութիւն:


Յայտնենք, որ յետ արարողութեան, կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Կլենտէյլի «Ֆընիշիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին հիւրընկալ մարմինի ատենապետ Ալեք Պաղտասարեան Հոգաբարձութեան անունով արտասանեց շնորհաւորական խօսք մը, ապա Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազան հօր, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ բոլոր ներկաներուն:
Հուսկ, առաջնորդը ներկաներուն փոխանցեց իր ուրախութիւնը եւ շնորհաւորանքը այս առիթին համար եւ իր հայրական օրհնութիւնները շնորհեց Ծ. վարդապետ հայր սուրբին ու ներկաներուն, բոլորին մաղթելով յաջողութիւն իրենց ծառայական առաքելութիւններուն եւ աշխատանքներուն մէջ:
