6 Յունուարին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Էլիզէի պալատին մէջ համախմբուած ֆրանսացի դիւանագէտներուն ուրուագծելով երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը՝ կոչ ըրաւ «իրատես» ակնկալիքներ ունենալու տարածաշրջանային հակամարտութիւններու նկատմամբ։
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է օգնէ Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը փոխելու եւ համոզելու Ռուսիան, որ նստի բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, իսկ Եւրոպա պէտք է Քիեւին «ապահովական երաշխիքներ» առաջարկէ։
Գալով Սուրիոյ հարցին, Մաքրոն զգուշացուց՝ նշելով, որ Արեւմուտքը պէտք չէ միամիտ ըլլայ նոր իշխանութիւններուն գծով, խոստանալով նեցուկ կանգնիլ քիւրտ զինեալներուն: Մաքրոն նաեւ Իրանը համարեց Միջին Արեւելքի ռազմավարական եւ ապահովական գլխաւոր մարտահրաւէրը։
Ան խօսեցաւ նաեւ այն սպառնալիքներուն մասին, որոնց կը բախին ժողովրդավարութիւնները, որոնց կարգին՝ ընտրական գործընթացներուն միջամտութիւնները՝ այդպիսի միջամտութեան մէջ մեղադրելով Ռուսիան, Իլան Մասքը եւ Ատրպէյճանը։
«Ֆրանսա, վերջին ամիսներուն ենթարկուած է Ատրպէյճանի անընդունելի միջամտութիւններուն՝ իր անդրծովեան տարածքներու մեծ մասին եւ յատկապէս Նոր Գալետոնիոյ մէջ։ Տասը տարի առաջ ո՞վ կրնար հաւատալ, եթէ մեզ ըսէին, որ աշխարհի ամէնէն տարածուն ընկերային ցանցերէն մէկուն սեփականատէրը (Մասքը) կ՛աջակցի նոր միջազգայնական յետադիմական շարժումին եւ ուղղակի կը միջամտէ ընտրութիւններուն, ներառեալ՝ Գերմանիոյ մէջ. ո՞վ կը պատկերացնէր այս բոլորը։ Ահա այս է այն աշխարհը, ուր մենք կ՛ապրինք եւ ուր դուք կը գործէք իբրեւ դիւանագէտներ», յայտարարեց Մաքրոն։
«ՓԱՐԻԶ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»
«Փարիզ կը պաշտպանէ միջազգային իրաւունքը եւ Հայաստանը, որուն նկատմամբ Ռուսիա յանկարծակի փոփոխութեան ենթարկեց իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ աջակցեցաւ Ատրպէյճանին, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան՝ յանձին իր վարչապետին, գլուխ չծռեց անոր», յայտնեց Մաքրոն՝ աւելցնելով թէ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի գործած յարձակումին ընթացքին Ռուսիա աջակցեցաւ Պաքուին։