Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները Դեկտեմբերին դարձեալ տեսակցեցան Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն հետ, որոնց կարգին՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան։
«Ադրբեջանում անազատութեան մէջ գտնուող անձանց Դեկտեմբերին հերթական անգամ տեսակցել են ԿԽՄԿ ներկայացուցիչները, հնարաւորութիւն է տրուել խօսելու հարազատների հետ», «Թերթ»ին յայտնեց Կարմիր Խաչի Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու պատասխանատու Զառա Ամատունի:
Ասոր զուգահեռ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործերով դատավարութիւնը պիտի սկսի 17 Յունուարին։ Վկայակոչելով դատաւորներու միութեան անդամ Անար Ռզաեւը՝ լրատուամիջոցները այս լուրը փոխանցեցին:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն նկատմամբ: Սեպտեմբեր 2023ին, Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի գործադրած զանգուածային ռազմական յարձակումին պատճառով, անոնք ապօրինաբար ձերբակալուեցան եւ տարուեցան Պաքու: Անոնք կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմեր եւ խմբաւորումներ կազմելու, ահաբեկչութեան նպատակով վարժութիւններ կատարելու» մէջ:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ոչ միայն խօսք չկայ Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մասին, այլ` ընդհակառակն, իր յայտարարութիւններով, իր մամուլի ասուլիսներուն ընթացքին կը կատարէ այնպիսի ապազգային, հակահայկական եւ անբարոյական յայտարարութիւններ, որոնց պատճառով այնտեղ գտնուող մեր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան քրէական գործերը կ՛աւելնան։
«Պատահական չէ, որ Նիկոլ Փաշինեանը, երբ ասում էր Ռուբէն Վարդանեանը, թէ ի՞նչ էր անում Արցախում, ինչո՞ւ է հրաժարուել քաղաքացիութիւնից, այդ յայտարարութիւնների հիման վրայ Բաքուն քրէական գործեր է աւելացնում այնտեղ պահուող ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ: Այսօր արդէն մենք իմացանք, որ Յունուարի 17ին տեղի են ունենալու այդ դատավարութիւնները, որը մեր բոլորիս ամօթն է ու մեր համար սա խայտառակ մի իրավիճակ է: Մի նախադասութիւն գտէք, թէ ի՞նչ են արել այս իշխանութիւններն այնտեղ պահուող մեր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու գերիների ազատ արձակման համար: 2020 թուականից դեռ այնտեղ պահուող մարդիկ կան ու սրա ամբողջ պատասխանատուութիւնն այս իշխանութեան ուսերին է, այն քրէական գործերը, որ դեռ աւելանում են, հէնց իրենց թեթեւ ձեռամբ են իրականացւում», ըսաւ Դանիէլեան։