Տեղական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ եթէ Երեւան խաղաղութեան պայմանագիրին կարիքը չունի, Պաքուին ալ անիկա պէտք չէ: «Մենք կրնանք ապրիլ առանց խաղաղութեան պայմանագիրի», շեշտեց Ալիեւ, որ նաեւ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման հարցերուն՝ ըսելով. «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունուարին: Յամենայն դէպս, մենք այդպէս առաջարկած ենք»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.