10 Յունուարին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու գծով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյի հետ եւ ըսաւ, որ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկին գծով օրէնքի նախագիծին կառավարութեան դրական եզրակացութիւնը համահունչ է միութեան եւ անդամ պետութիւններու հետ փոխգործակցութեան խորացման ընթացքին եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւրոպական ձգտումներուն։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` Միրզոյեան եւ Կրոնօ խօսեցան գործընկերութեան հետագայ ընդլայնման հեռանկարներուն մասին` նկատի ունենալով գոյութիւն ունեցող գործիքակազմին միջոցով հրամցուող կարելիութիւնները: Այլ գործիքակազմերու կողքին ընդգծուեցաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԱՐԱՁԳՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալաս առաջարկեց յաւելեալ երկու տարիներով երկարաձգել Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը, յայտնեցին բարձր ներկայացուցիչի գրասենեակէն:
«Անդամ երկիրները կ՛ողջունեն առաջարկը եւ այս պահուն կը քննարկեն անհրաժեշտ կանոնները` Եւրոպական Միութեան խորհուրդի համապատասխան մարմիններուն հետ: Յառաջիկայ օրերուն կը սպասենք երկարաձգման վերաբերեալ խորհուրդին որոշումին », կ՛ըսուի համապատասխան հաղորդագրութեան մէջ։
Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ տեղեակ է Հայաստանի կառավարութեան որոշումին մասին, որուն միջոցով համաձայնութիւն տրուեցաւ Հայաստանի՝ միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի օրէնքի նախագիծին՝ աւելցնելով, որ կը պատրաստուին ուսումնասիրել զայն:
Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի հետ եւ կ՛աշխատի խորացնել զանոնք:
«Մենք ունինք «Դիմակայունութիւն եւ աճ» ծրագիրը (այս ծրագիրով 270 միլիոն եուրօ պիտի յատկացուի Հայաստանին – Խմբ.), եւ մենք քննարկումներու մէջ ենք Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ այն բոլոր հարցերուն շուրջ, որոնք կը վերաբերին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, որոնք կ՛ընթանան դրական ուղղութեամբ», շեշտեց Մարակոս:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի համար Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կարելիութիւն կը տեսնէ՝ Մարակոս ըսաւ, որ եթէ երկիրը կ՛ուզէ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան, այդ մէկը անոր որոշումն է: «Կան Եւրոպական Միութեան պայմանագիրի դրոյթներ, որոնք կը բացատրեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է տեղի ունենայ անդամակցութիւնը», աւելցուց ան:
Բայց արդեօք Եւրոպական Միութիւնը կը սպասէ՞ Հայաստանին իր ակումբին մէջ հարցումին իբրեւ պատասխան՝ ան ըսաւ, որ միութիւնը խիստ հաւատարիմ է Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները խորացնելու յանձնառութեան: