
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ծերակոյտին Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին ներկայացուցած վկայութեամբ իր զօրակցութիւնը յայտնեց ծերակուտական Մարքօ Ռուպիոյի թեկնածութեան՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքականութեան հարցերու գծով տնօրէն Ալեքսանտր Կալիցքիի հեղինակած զեկոյցին մէջ կը յիշուին մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Ռուպիոյի քայլերը, որոնց շարքին են՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղասպանութեան դատապարտումը, ատրպէյճանցի պատերազմական յանցագործներու դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու պահանջները, արցախահայերուն հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը ապահովելու փորձերը եւ Սուրիոյ վտանգուած փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը։
Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, որ Ռուպիոյի նշանակումը առանցքային առիթ է Միացեալ Նահանգներուն համար՝ իր արտաքին քաղաքականութիւնը համապատասխանեցնելու արդարութեան սկզբունքներուն: «Մինչ Թրամփ-Փենս եւ Պայտըն-Հերիս վարչակազմերը չկրցան կանխել Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղային զտումները, Թրամփ-Վանս նոր վարչակազմը աննախադէպ առիթը ունի սրբագրելու կացութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ արդար, երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելով, որ հիմնուած ըլլայ պատերազմական յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան վրայ եւ համահունչ՝ արցախահայութեան իրենց հայրենիքը վերադառնալու հաւաքական եւ պաշտպանուած իրաւունքին», կ՛ըսէ Կալիցքի։
Ռուպիոյի նշանակումը քննարկող Ծերակոյտին Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին նիստը նախատեսուած է գումարել 15 Յունուարին։