Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ տուաւ 2024ի իրադարձութիւնները ամփոփող մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին, բազմաթիւ այլ հարցերու կողքին ան անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն։ Ան շեշտեց, որ պաշտօնական մակարդակի վրայ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւնները ներկայիս բարդ են, բայց Երեւանի հետ երկխօսութիւնը կը շարունակուի։
Անդրադառնալով Հայաստանի կառավարութեան նախորդ շաբաթ տուած որոշումին, որուն միջոցով մեկնարկը կը տրուէր Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացին՝ Լաւրով կրկնեց նախապէս Մոսկուայէն հնչած նախազգուշացումները` կա՛մ Եւրոպական Միութիւն, կա՛մ ԵԱՏՄ:
«Մեր փոխվարչապետը՝ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ փորձառու անձնաւորութիւն է, անկեղծօրէն ըսաւ, որ (Եւրոպական Միութիւնը ու ԵԱՏՄն) անհամատեղելի են: Անոնք ազատ առեւտուրի երկու տարբեր գօտիներ են, մաքսատուրքերու նուազեցման կամ վերացման երկու տարբեր համակարգեր են: Անոնք չեն համընկնիր», պնդեց Լաւրով՝ ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու սերտացումը Երեւանի իրաւունքն է, պարզապէս Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրեն իրենց քայլերուն հետեւանքները:
«Անկասկած, Հայաստանի օրինական ղեկավարութեան գերիշխան որոշումն է` սկսիլ որեւէ դաշինքի միանալու գործընթացին, ուր իրենց կը սպասեն: Բայց հարցին բոլոր դրական եւ բացասական կողմերը նկատի առնելը եւս Հայաստանի կառավարութեան, ղեկավարութեան եւ տնտեսական բնագաւառով զբաղողներուն պատասխանատուութիւնն է», շեշտեց Լաւրով, որ չշրջանցեց նաեւ Երեւանի եւ ՀԱՊԿի յարաբերութիւնները` կրկնելով Մոսկուայի այն տեսակէտը, թէ 2022ի սեպտեմբերեան բախումներէն ետք դաշինքը չէր կրնար յստակ քաղաքական գնահատական տալ, որովհետեւ յայտնի չէր, թէ ի՛նչ տեսք ունի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը:
«Նախագահ Փութին բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած է այս նիւթին։ Սահմանագծուած սահման չկար։ Երեք քիլոմեթր այս կողմ, երկու քիլոմեթր այն կողմ: Այո՛, այդ ժամանակ այնտեղ փոխհրաձգութիւններ կը կատարուէին։ ՀԱՊԿի դիտորդական առաքելութիւնը, որմէ հրաժարիլը եւս (Երեւանի) գերիշխան իրաւունքն էր, ըստ իս, շատ արդիւնաւէտ կրնար ըլլալ: Սակայն, ասոր զուգահեռ, հոն հրաւիրուեցաւ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը: Սկիզբը անիկա հրաւիրուած էր երկու ամիսով, յետոյ հայերը միակողմանիօրէն, առանց ատրպէյճանցիներուն հետ խորհրդակցելու, փոխեցին սկզբնական պայմանաւորուածութիւնը` առաքելութեան գործունէութիւնը անժամկէտ դարձնելով: Յետոյ միացաւ նաեւ Գանատան, ինչ որ արդէն առաքելութեան ՆԱԹՕի ներկայութեան բաղադրիչ հաղորդեց: Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն՝ Եւրոպական Միութեան դիտորդները բազմաթիւ պարագաներու կը զբաղին հարցերով, որոնք այնքան ալ Հայաստանը չեն հետաքրքրեր, որքան արեւմտեան դաշինքները», յայտնեց Լաւրով, որ շեշտեց, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է լուծէ իր հարցերը դրացի երկիրներուն հետ, եւ ոչ թէ աջակցութեան դիմէ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն։
Ան նաեւ ըսաւ, թէ հարցեր չի տեսներ արեւմտեան երկիրներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ: «Բայց երբ երկիրներ, որոնք հեռու են մեր տարածքէն, աւանդութիւններէն եւ պատմութենէն` ոչ-գաղութային հարթութեան վրայ պատկերացումներէն, կը յայտարարեն, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը պիտի երաշխաւորէ ապահովութիւնը, օրինակ, Սիւնիքի մարզին մէջ, իրապէս՝ ես չեմ կրնար հասկնալ», ըսաւ Լաւրով։
Անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին, այս պարագային եւս, ըստ Լաւրովի, Արեւմուտքը կը փորձէ անիմաստ տեղը միջամտել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ընթացող յարաբերութիւններուն:
«Ես լսած եմ, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ կարծես թէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են: Հասկնալի է, որ մնացած երկու հարցերը պէտք է լուծուին, զանոնք կարելի չէ շրջանցել՝ կա՛մ այս կողմ, կա՛մ այն կողմ: Եւ իսկոյն Եւրոպական Միութիւնը, Եւրոպական յանձնաժողովը սկսան յայտարարել` «Մենք հիմա կու գանք, կ՛օգնենք ձեզի»: Ասիկա Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գերիշխան իրաւունքն է` ո՞ւր ստորագրել այդ պայմանագիրը, ե՞րբ համաձայնեցնել անոր դրոյթները: Բայց Պրիւքսէլի եւ Ուաշինկթընի փափաքը ցոյց տալն է, թէ իրենք ամէն ինչ ըրած են», եզրափակեց Լաւրով։