Այս տարուան Յունուարին, Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) աշխատակիցները դարձեալ այցելեցին Պաքուի մէջ ապօրինիաբար պահուող հայ գերիներուն:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան՝ այս մասին յայտնեց Ատրպէյճանի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութեան հանրութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Իլահա Եուսէյնովա:
«Բանտարկեալներուն հետ տեղի ունեցան անհատական հանդիպումներ, եւ պայմաններ ստեղծուեցան անոնց ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու համար», ըսաւ Եուսէյնովա։