Երեւանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ:
Ըստ նախարարութեան` դեսպանը կանչուած է 12 Յունուարին, Ռուսիոյ համառուսական պետական պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած «Շաբաթուան Լուրեր» հաղորդումին համար, որուն ընթացքին արտայայտուեցան արհեստականօրէն ընդհանրացած խօսոյթներ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ:
Հանդիպումին ընթացքին դեսպանին յանձնուեցաւ համապատասխան բողոքագիր մը:
2024ի սկիզբը, Պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովը Հայաստանի մէջ արգելափակեց Վլատիմիր Սոլովէովի հեղինակային երկու հաղորդումներու հեռարձակումը՝ հիմնաւորելով, որ «դրանք խախտում են զանգուածային հաղորդակցութեան երկկողմ համաձայնագրի պայմանները: Կրեմլի յայտնի քարոզիչը եթերում Հայաստանի իշխանութիւնների եւ ժողովրդի հասցէին վիրաւորական բովանդակութիւն էր տարածել»:
Իսկ Հոկտեմբեր 2023ին, ռուսական «Առաջին Ալիք»ը սփռեց Հայաստանի վարչապետին քաղաքական գործունէութիւնը քննադատող` «Նիկոլ Փաշինեան. աղէտ բերողը» վերնագիրով յայտագիրը:
Ամիսներ ետք, հայկական կողմը երեք օրով կասեցուց «Առաջին Ալիք»ին հեռարձակումը` հիմնաւորելով, որ անոնք հեռարձակման գումարը չեն վճարած: