Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան 14 Յունուարին, Ուաշինկթընի մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) փոխկառավարիչի պաշտօնակատար Ճէյմզ Հոփի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին, զրուցակիցները անդրադարձան գործակալութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ քննարկեցին միացեալ նոր ծրագիրներու իրականացման հեռանկարները: Ընդգծուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու օրակարգին կարեւորութիւնը եւ Հայաստանի մէջ կառուցային կարողութիւններու զարգացման գծով համատեղ աշխատանքը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` տարածաշրջանին մէջ տնտեսական զարգացման ապահովման շրջագիծին մէջ, անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապուղիներու ապաշրջափակման հարցերուն: Փոխնախարարը ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը եւ ընդգծեց անոր սկզբունքներուն համապատասխան հաղորդակցութիւններու բացման մէջ Հայաստանի հաստատակամ մօտեցումը: