Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Սէօզճիւ» լրատուամիջոցը անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար, հանրապետական ծերակուտական Մարքօ Ռուպիոյին, որուն նշանակումը մտահոգութիւն յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ, կը հաղորդէ «էրմենիհապեր»ը:
Նշենք, որ Ծերակոյտը միաձայնութեամբ վաւերացուց Ռուպիոյի նշանակումը եւ ան արդէն իսկ պաշտօնի վրայ է։
Ըստ «Սէօզճիւ»ի` Ռուպիօ յայտնի է հակաթրքական յայտարարութիւններով, Չինաստանին դէմ կարծր քննադատութիւններով եւ Իսրայէլին աջակցող ուղերձներով:
«Սէօզճիւ»ն կ:առանձնացնէ Ռուպիոյի` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հասցէին կատարած յայտարարութիւնները: Ռուպիօ ըսած էր, որ Էրտողանի օրով Թուրքիա անցում կատարեց մենատիրական իշխանութեան, եւ այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները հետզհետէ կ՛աւելնան: Ան հաստատած էր, որ Էրտողանի կառավարութիւնը կը տկարացնէ ժողովրդավարական հաստատութիւնները եւ կը սպառնայ ՆԱԹՕի արժէքներուն ու դաշինքի ներդաշնակութեան:
Ռուպիօ 2017ին նշած էր, որ եթէ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ իրեն հետ վերաբերին իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից, ուրեմն պէտք է դաշնակիցի պէս գործէ:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութիւն ստացող Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւններուն` Ռուպիօ ընդգծած էր, որ այս գործողութիւնները կը սպառնան շրջանի կայունութեան եւ վնաս կը հասցնեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:
Այս բոլորէն մեկնելով` «Սէօզճիւ» Ռուպիոն կը համարէ «Թուրքիոյ թշնամի»: