Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Բրիտանիոյ դիւանագիտութեան ղեկավար Տէյվիտ Լամի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին դարձեալ դժգոհեցաւ Հայաստանի Սահմանադրութենէն:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Նախարար Ճէյհուն Պայրամով ներկայացուց տարածաշրջանին իրավիճակը, խաղաղութեան գործընթացը եւ նշեց, որ, հակառակ խաղաղութեան համաձայնագիրին եւ սահմանազատման զգալի յառաջընթացին, Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ պահպանուող տարածքային պահանջները կը հանդիսանան այս գործընթացին հիմնական խոչընդոտները»։
Նշենք, որ Պաքու պարբերաբար ակնարկութիւն կը կատարէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան՝ պնդելով, որ «Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ տակաւին ատրպէյճանական տարածքներուն նկատմամբ յաւակնութիւններ կան»: Երեւան բազմաթիւ անգամներ հակադարձեց` նշելով, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը դրացի երկիրներէն տարածքային պահանջ չի պարունակեր։