ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը Փետրուար 7ին ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վահէ Աղաբէկեանցը եւ զինք ուղեկցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան հիմնադրամին կողմէ գործադրուող Արցախի ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի մէջ հիմնադրամի գրասենեակի բացումին հետ կապուած շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանը: