«Հոգեներգործուն Արգելուած Միջոցներ Կը Կիրարկուեն Արցախի Նախկին Ղեկավարութեան Նկատմամբ». Փաշինեան
Պաքուի դատարանը 27 Յունուարին մերժեց Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու նկատմամբ` խափանման միջոց բանտարկութիւնը տնային բանտարկութեամբ փոխարինելու պաշտպաններու միջնորդութիւնը, յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար, գործարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շինծու մեղադրանքներով դատավարութեան հերթական նիստը: Անոր դէմ շինծու գործը կը քննուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ գործէն առանձին: Նախորդ դատական նիստին, Վարդանեանի պաշտպանը միջնորդած էր անոր գործը միացնել միւս ղեկավարներու գործին եւ քննել միասին, սակայն դատարանը մերժեց այդ միջնորդութիւնը:
Դատարանը Վարդանեանին յաւելեալ 10 օրեր տուաւ` շինծու գործի նիւթերուն ծանօթանալու համար. Վարդանեանի պաշտպանները դատարանին միջնորդած էին՝ 30 օրեր յատկացնելու համար:
Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիական անձերը Պաքուի դատարանին կողմէ կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ «յանցանքներու» մէջ:
Ատրպէյճանցի դատաւորին դիմաց կը կանգնին 15 հայեր` Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան, Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, պաշտպանութեան բանակի զինուած ուժերու նախկին ընդհանուր պետ Դաւիթ Մանուկեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, քաղաքացիներ` Վասիլի Բեգլարեան, Էրիկ Ղազարեան, Դաւիթ Ալավերդեան, Գուրգէն Ստեփանեան, Լեւոն Բալայեան, Մադաթ Բաբայեան, Գարիկ Մարտիրոսեան եւ Մելիքսէթ Փաշայեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերքեց քննադատութիւնները, թէ ոչինչ կ՛ընեն Պաքուի մէջ գտնուող Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու ազատութեան եւ անոնց վերադարձին ուղղութեամբ: «Ես որեւէ մէկին իմ հակառակորդը չեմ համարում այնտեղ գտնուող: Մենք մեզ հաշիւ ենք տալիս, որ այն, ինչ տեղի է ունենում, ոչ միայն լրջօրէն մտահոգիչ է, այլեւ օգտագործւում է եւ օգտագործուելու է տարածաշրջանում նոր էսկալացիաներ (մագլցումներ) հրահրելու համար: Աւելին, մենք հետախուզական տեղեկութիւններ ունենք, որ այդ մարդկանց նկատմամբ հոգեներգործուն արգելուած միջոցներ են կիրառում, որպէսզի տարածաշրջանային էսկալացիաները հրահրելուն ուղղուած խօսոյթներ, ցուցմունքներ կորզուեն նրանցից: Մենք շատ մտահոգուած ենք այդ գործընթացով», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Այդ դատավարութիւնն օգտագործուելու է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, այդ մարդկանցից հոգեներգործուն արգելուած միջոցներով շատ հնարաւոր է, որ այնպիսի ցուցմունքներ կորզեն, որ ամենատարբեր ձեւերով օգտագործեն Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Եւ մենք այս հարցը շատ լաւ եւ շատ խորութեամբ հասկանում ենք եւ մեզ հաշիւ ենք տալիս»:
Փաշինեան պնդեց, որ բոլոր հասու միջոցներով կը փորձեն աշխատիլ այդ հարցը լուծելու:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Փաշինեանի յայտարարութեան՝ նշելով, որ այդ պնդումները «հիմք չունին եւ ծիծաղելի են»:
«Ատրպէյճանի մէջ բանտարկեալներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքի մասին պնդումները անկախօրէն հետաքննուած են, նաեւ՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի կողմէ, եւ մեղադրանքները, ինչպէս պարզուած է, կեղծ են: Ակնյայտ է, որ Հայաստանի այսպիսի յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքան ջղայնացած է այդ երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը ռազմական յանցագործութիւններու համար մեղադրուող անձերուն նկատմամբ շարունակուող դատավարութենէն», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։