
Ներգաղթողներուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նոր իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան եւ անոր յառաջացուցած մտահոգութիւններուն լոյսին տակ, Հայ Իրաւաբանական միութիւնը Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ մէջ 12 Յունուարին համայնքային հաւաք մը իրականացուց, մտահոգ ներգաղթողներու խորհրդատուութեան նպատակով:
Անվճար խորհրդատուութիւններու համար, հաւաքին ներկայ էին քանի մը իրաւաբաններ, որոնք մասնագիտացած են ներգաղթի ոլորտին մէջ։
Այն ներգաղթողները, որոնք մտահոգութիւններ ունին ներկայ պայմաններուն պատճառով, կրնան դիմել Հայ Իրաւաբանական միութեան՝ probono@ArmenianBar.org հասցէով կամ (818) 660-6898 թիւով։