Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպանները 29 Յունուարին, Պրիւքսէլի մէջ համաձայնութիւն տուին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան վերաբերեալ որոշումին, որմով եւրոպացի դիտորդները երկու տարի եւս՝ մինչեւ 19 Փետրուար 2027 պիտի մնան Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ։
Ըստ «Ազատութեան» Եւրոպայի հարցերու գծով խմբագիր Ռիքարտ Եոզուէաքի՝ Եւրոպական Միութիւնը անփոփոխ պահած է առաքելութեան յանձնառութիւնը, որ տրուած էր երկու տարի առաջ` նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ եւ հակամարտութենէն վնասներ կրած շրջաններուն մէջ միջադէպերու թիւի նուազումին, նուազեցնել այդ շրջաններուն մէջ ապրող բնակչութեան համար վտանգի աստիճանը եւ այդպիսով նպաստել գետնի վրայ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Դիտորդներու կազմը եւ թիւը, ըստ որոշումի նախագիծին, կը մնայ անփոփոխ` 165 միջազգային եւ 44 հայաստանցի աշխատող:
Ըստ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան՝ այս որոշումը պէտք է յառաջիկային հաստատուի նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ, ինչ որ փաստօրէն պաշտօնական բնոյթ ունի, որովհետեւ այդ երկիրներու դեսպանները 29 Յունուարին արտայայտեցին իրենց կառավարութիւններուն տեսակէտը` կողմ քուէարկելով նախագիծին:
Առաքելութեան հսկողութեան գօտին, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, կը տարածուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքով, ներառեալ՝ Նախիջեւանի հատուածը: