
ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՆԱԿԸ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԼՈՒԾԱՐՈՒԵՑԱՆ, ԻՍԿ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՋՆՋՈՒԵՑԱՒ
Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու վարչութիւնը յայտարարեց, թէ զինուորական գործողութիւններու վարչութեան նախագահ Ահմատ Շարհ (Ապու Մուհամմատ Ճուլանի) փոխանցման փուլին համար ստանձնեց Սուրիոյ նախագահի պաշտօնը` աւելցնելով. «Իւրաքանչիւր տարուան 8 Դեկտեմբերը կը նկատենք ազգային օր»:
Նախագահը լիազօրուեցաւ կազմել փոխանցման փուլին համար ժամանակաւոր խորհրդարան մը, որ իր պարտականութիւնները պիտի կատարէ մինչեւ երկրի մնայուն սահմանադրութեան մը որդեգրումը, որովհետեւ որոշուած է 2012ին որդեգրուած սահմանադրութիւնը ջնջել խորհրդարանը լուծարել:
Յայտարարուեցաւ նաեւ բանակին եւ զինեալ բոլոր խմբաւորումներուն, ինչպէս նաեւ յեղափոխական քաղաքական ու քաղաքացիական բոլոր մարմիններուն լուծարումը:
Շարհ Չորեքշաբթի երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ նախագահեց զինուորական գործողութեան վարչութեան խմբաւորումներուն ընդլայնուած ժողովի մը, որուն ընթացքին ճշդուեցաւ յառաջիկայ փուլին Դամասկոսի առաջնահերթութիւնները, որոնք են` «իշխանութեան բացը լեցնել, քաղաքացիական խաղաղութիւն պահպանել, պետութեան հաստատութիւնները կառուցել եւ տնտեսական զարգացման ենթակառոյցը կառուցելու ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիա կը վարէ նպատակաուղղուած եւ բազմերես արտաքին քաղաքականութիւն մը` արտասահմանի մտահոգութիւնները փարատելու եւ իր պատկերացումը յստակացնելու համար:
Նշենք, որ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ իշխանը Հինգշաբթի օր այցելեց Դամասկոս եւ Շարհի հետ հանդիպում մը ունեցաւ: Իսկ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մըրհեֆ Ապու Քասրա եւ սպայակոյտի պետ Ալի Նաասան ու շարք մը սուրիացի սպաներ Հինգշաբթի օր ընդունեցին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որուն հետ այցելեցին Սուրիոյ բանակի քանի մը զօրանոցներ: