Յունուար 30ին, «Մխիթարեան» վարժարան այցելեցին Հրաչ (Roger) Գուբելեան եւ անոր գործակիցը՝ Մարթին Ճերնազեան: Տնօրէնութիւն, աշակերտութիւն, ուսուցիչներ եւ ծնողներ ծափահարութիւնով ողջունեցին օրուան հիւրերը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ տնօրէն Դաւիթ վրդ. Ղազարեանի բացման խօսքով եւ օրուան պատգամով: «Հայոց պատմութեան մէջ բացառիկ օր մըն է այս օրը: Վարդանանք իրենց արիւնով մեզի փոխանցեցին իրենց ժառանգած կրօնքը. մենք ալ մեր կարգին, վեր պահենք քրիստոնէութիւնը մեր կեանքի բարի օրինակներով. եթէ լաւ քրիստոնեայ ենք, լաւ մարդ ենք», ըսաւ ան:
Ապա տեղի ունեցաւ աշակերտական ելոյթ, օրուան պատշաճ երգերով եւ արտասանութիւններով, որմէ ետք Սօսի Մատէնճեան ծանօթացուց մեր հիւրը եւ շեշտեց, որ Հրաչը զաւակն է հայ մտաւորական զոյգի մը: Հայրը՝ Պողօս Գուբելեան, հեղինակ բազմաթիւ գիրքերու, իսկ մայրը՝ բազմավաստակ ուսուցչուհի:
Վերջապէս բեմ բարձրացաւ մեր յարգելի հիւրը, զոր բոլորս անհամբեր կը սպասէինք: Ան վերյիշելով Ափրիկէի մէջ անցուցած իր մանկութեան տարիները, եւ ըսաւ, որ աշակերտներու երգած երգերը իր հայրը սորվեցուցած էր իրեն, հեռաւոր Ափրիկէի մէջ:
Հրաչ Գուբելեան շարժապատկերի արուեստի մէջ մասնագիտացած է, եղած է Ղարաբաղ, նկարահանած է Ղարաբաղի կռիւները, իսկ այժմ կ’աշխատի «Վարդանանք» ֆիլմին վրայ եւ բաւական ճամբայ կտրած է:
Ան DVD-ով ցոյց տուաւ Վարդանանց պատմութենէն տեսարաններ, տարազներու բացատրութիւններ եւ զանազան անձնաւորութիւններու կարծիքներ մեր պատմութեան եւ ֆիլմին մասին:
Ապա տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց մը Գուբելեանի, Մարթին Ճերնազեանի ու աշակերտութեան միջեւ, որմէ ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ շնորհակալական խօսքերով: Յաջողութիւն կը մաղթենք Հրաչին:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)