
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ գործակցութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաբժշկական ապահովման վարչութեան դաշտային շարժական հիւանդանոցը մասնակցեցաւ Գերմանիոյ Հոհենֆելս քաղաքին մէջ տեղակայուած Միացեալ Նահանգներու ռազմական խարիսխին մէջ տեղի ունեցող «Համատեղ լուծում-2025» բազմազգ զօրավարժութիւններուն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ վարժութիւններուն մէջ ներգրաւուած նախարարութեան բժշկական անձնակազմը եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային ջոկատի գործընկերները միացեալ խումբերով բարդ պայմաններու մէջ կը կատարեն վիրաւորներու տեսակաւորում, անյետաձգելի բժշկական օգնութեան ցուցաբերում, վիրաբուժական միջամտութիւններու իրականացում, ինչպէս նաեւ տարհանման կազմակերպում` բժշկական օգնութեան յաջորդ փուլը:

Զօրավարժութիւններուն նպատակներն են՝ բարձրացնել հիւանդանոցի անձնակազմին վարժողական աստիճանը, կատարելագործել իրականին մօտիկ, բարդ պայմաններու մէջ աշխատանքներու կազմակերպման մասնագիտական հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ առաւելագոյն չափով բարելաւել բազմազգ միջավայրի մը մէջ բժշկական հոգատարութեան փոխգործակցուած կազմակերպման մակարդակը: