Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի «Նախ Ամերիկան» հայեցակարգը մտահոգիչ մակարդակով կը նմանի Ատոլֆ Հիթլերի օրերուն Գերմանիոյ մէջ տարածուած «Գերմանիան բոլորէն վեր» կարգախօսին, յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` «Ռուսիան Համաշխարհային Քաղաքականութեան Մէջ» ամսագիրին համար գրուած իր յօդուածին մէջ, որ հրապարակուած է նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ:
«Ուժի միջոցով խաղաղութիւն հաստատելու վրայ գրաւ դնելը կրնայ վերջնականապէս թաղել դիւանագիտութիւնը», կը բացատրէ Լաւրով, ըստ որուն, այդպիսի յայտարարութիւններու մէջ Ուաշինկթընի միջազգային պարտաւորութիւններուն նկատմամբ նուազագոյն յարգանքը չի նկատուիր: