Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի աւելի քան իննամսեայ շրջափակումէն ետք տեղի ունեցած Արցախի հայաթափման ընթացքին 46 հայ զինուորներ հապճեպ կերպով թաղուած են անոնց ընտանիքներուն կողմէ, որոնք առիթը չէին ունեցած իրենց սիրելիներուն արժանապատիւ թաղում ապահովելու։
Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճան սովորութիւն ունի հայերու գերեզմանատուները սրբապղծելու, նոյնիսկ այդ ժամանակաւոր գերեզմանները վտանգուած են եւ, ըստ Caucasus Heritage Watch-ի տուեալներուն, արդէն իսկ անոնցմէ հինգը ատրպէյճանցիներու կողմէ սրբապղծուած են։
Այս բոլորը եւ միջազգային հանրութեան անմիջական միջամտութեան կարեւորութիւնը նկատի ունենալով՝ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնը, համագործակցելով Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնին հետ՝ մանրամասն զեկոյց մը պատրաստած է 46 հայ զինուորներուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած ժամանակաւոր թաղումներուն մասին:
46 զինուորները թաղուած են Ստեփանակերտի, Ճարտարի, Մարտունիի, Ներքին Հոռաթաղի, Խնապատի, Արմենավանի, Վանք գիւղի, Գիշիի, Մուշկապատի, Կոլխոզաշէնի եւ Խնձրիստանի գերեզմանատուներուն մէջ։ Թաղման վայրերուն մեծամասնութեան ճշգրիտ վայրերը տրամադրած են հանգուցեալներուն ընտանիքները։
Բռնի տեղահանութեան պայմաններուն մէջ, ընտանիքները չեն կրցած պատշաճ կերպով կազմակերպել թաղումը կամ նոյնիսկ մասնակցիլ իրենց հարազատներուն թաղման արարողութիւններուն եւ ծէսերուն։ Ըստ հայկական կրօնական եւ մշակութային աւանդոյթներուն՝ ընտանիքի անդամները իրենց հարազատներուն գերեզմանները կ՛այցելեն յուղարկաւորութենէն ետք 7րդ եւ 40րդ օրերը, այնուհետեւ՝ տարելիցներուն, սակայն ցեղային զտումներուն եւ բռնի տեղահանման պատճառով հայերը զրկուած են այս աւանդութիւնը պահելու կարելիութենէն։
Հետեւաբար, կեդրոնը կը շեշտէ, թէ պէտք է ճնշում բանեցուի Պաքուի վրայ, զոհերուն դիակները վերադարձնելու համար, յարգելով Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի օրէնքները (8րդ եւ 9րդ յօդուածներ), որոնք Պաքուի կողմէ ստորագրուած են 2002ին։
Սակայն, Ատրպէյճան կը մերժէ հայերուն աճիւնները վերադարձնել իրենց ընտանիքներուն, դիտումնաւոր կերպով յաւելեալ ցաւ պատճառելով անոնց։
Պաքուէն նշեալ 46 զոհերուն աճիւններուն վերադարձը պահանջող Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնին զեկոյցին նպատակն է՝ միջազգային հանրութեան ներկայացնել հարցին իսկական բնոյթը եւ կարեւորութիւնը եւ կոչ ընել Պաքուին՝ յարգել մարդկային իրաւունքները։