Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ պըն Ապտըլրահման Թանի Լիբանան այցելեց եւ հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ` ողջունելով անոր նախագահ ընտրութիւնը։
«Անհամբեր կը սպասենք Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան ամբողջացման եւ լիբանանցի ժողովուրդին յոյսերու իրականացման: Քաթարի յանձնառութիւնը յայտնեցինք լիբանանեան զինեալ ուժերու աջակցութեան շարունակման եւ շեշտեցինք զինադադարը հաստատելու եւ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան բանակի հեռացման անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ պըն Ապտըլրահման Թանի:
Ան շեշտեց, որ Քաթար հաստատօրէն ներկայ պիտի ըլլայ Լիբանանի վերաշինութեան։
Աուն իր կարգին յայտնեց, որ Քաթար միշտ ալ Լիբանանի կողքին եղած է եւ դժուար պահերուն լիբանանցիներուն օգնող:
«Մենք անհամբեր կը սպասենք քաթարցի եղբայրներուն Լիբանան վերադարձին, եւ բարձր կը գնահատենք Լիբանանի տնտեսութեան աջակցութեան մէջ Քաթարի դերակատարութիւնը, մասնաւորաբար քարիւղի եւ կազի մարզին մէջ», ըսաւ Աուն: