Սուրիոյ փոխանցման փուլի նախագահ Ահմատ Շարհ Երեքշաբթի օր Անգարա այցելեց եւ գրկաբաց ընդունելութեան արժանացաւ իր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ. Ան յայտարարեց, թէ պատրաստ է ռազմավարական համագործակցութեան աստիճանի հասցնել Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ յարաբերութիւնները։
Յատկանշական է, որ Շարհ Անգարա ժամանեց թրքական պետական օդանաւով մը։
Շարհ, որուն ուժերը անցեալ Դեկտեմբերին, Թուրքիոյ աջակցութեամբ տապալեց նախորդ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը, յայտնեց, թէ մտադիր է Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական խարիսխներ հիւրընկալելու։
Էրտողան պնդեց, թէ միացեալ ջանքեր կը տարուին տարածաշրջանին սպառնացող ապահովական սպառնալիքներուն հակադարձելու, որպէսզի երաշխաւորուի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն խաղաղութիւնը։
Էրտողան նաեւ շեշտեց, թէ իրեն համար ամէնէն կարեւոր հարցը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ գործող քրտական խմբաւորումներուն չէզոքացումն է։
Այդ խմբաւորումները, որոնք Անգարայի կողմէ «ահաբեկչական» կ՛որակուին, տարիներ առաջ Միացեալ Նահանգներու հետ համատեղ շրջանէն հեռացուցին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը։
«Պատրաստ ենք անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրելու Սուրիոյ՝ ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերուն դէմ պայքարելու համար», յայտարարեց Էրտողան: