
Հայ Կրթական հիմնարկութեան կազմակերպութեամբ եւ առաւել քան 150 մասնակցողներու ներկայութեամբ, Շաբաթ, 1 Փետրուարին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Ֆաուլըր» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական վեցերորդ ճարտասանական մրցումը, որ իրականացուեցաւ նշեալ համալսարանին Աշխարհի լեզուներու կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ։
Մրցումին մասնակցեցան Մանուկեան-Տեմիրճեան, Մեսրոպեան, Պլէր, Մերտինեան, Շամլեան, Ֆերահեան, Փիլիպոս եւ Ուիլսըն վարժարաններէն երկրորդական եւ միջնակարգ դասարաններու աշակերտներ, որոնք ճառերը արտասանեցին հայերէնով կամ անգլերէնով:
Ներկայացուեցան ընկերային, կենսոլորտային, իմաստասիրական, աշխարհաքաղաքական հարցերու եւ այլ նիւթերու մասին ճառեր։
Ճարտասանութեան այս տարուան մրցումին դատակազմին մաս կազմեցին՝ Իվեթ Էմիրեան, Նորա Պայրամեան, Քրիսթինա Յակոբեան, դոկտ. Սանտրա Հալաճեան, իրաւաբան Մեսրոպ Խուտակուլեան, Մարալ Դաւիթեան, Սեւան Հանէսեան Պետուրեան, դոկտ. Մելիսա Պիլալ, դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան, դոկտ. Շուշան Կարապետեան եւ Իննա Սահակեան։
Հանդիսավարը Սոնա Մովսէսեանն էր։
Միջնակարգ վարժարաններու մրցանակներուն արժանացան Լիա Ստեփանեան (Շամլեան վարժարան, հայերէնի մրցանակ), Արինա Կիտուրեան եւ Արփի Հոխիկեան (յաջորդաբար՝ Ուիլսըն եւ Մերտինեան վարժարաններ, անգլերէնի)։
Երկրորդական վարժարաններու մրցանակներուն արժանացան Արմէն Աբանեան (Փիլիպոս վարժարան, հայերէնի) եւ Դաւիթ Չարչեան (Փիլիպոս վարժարան, անգլերէնի)։
Շահողները ստացան 1000ական տոլարի մրցանակ մը։
Ճարտասանական մրցումի յանձնախումբի ատենապետ Տալիա Պարսամեան եւ Հայ Կրթական հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Սերոբ Պէյլէրեան դրուատեցին աշակերտներուն ներկայացումները՝ յիշեցնելով, որ ճարտասանական մրցումին նպատակը հայ աշակերտներուն մօտ զարգացնելն է հանրային ճառախօսութեան արուեստը, որ իրենց ապագայ ասպարէզներուն մէջ յոյժ օգտակար կրնայ ըլլալ՝ աւելցնելով, որ անիկա մէկ մասնիկն է աշխարհի տարածքին հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու նեցուկ կանգնելու՝ Հայ Կրթական հիմնարկութեան առաքելութեան։
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 75ամեակը։ Անիկա հաստատուած է 1950ին եւ այդ թուականէն ի վեր կրթական սպասարկութիւններ տրամադրած է հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.aefweb.org կայքը: