Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ, 7 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերու գծով միջգերատեսչական յանձնաժողովին եւ Ատրպէյճանի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած քաղաքացիներու հարցերու գծով պետական յանձնաժողովին հանդիպումը, լուրը հաղորդագրութեան մը միջոցով փոխանցեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, ըստ որուն հանդիպումին ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրները յայտնաբերելու հարցերուն վերաբերեալ եւ պայմանաւորուեցան, որ յանձնաժողովներուն միջեւ համաձայնութեամբ քննարկումները պիտի շարունակուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.