Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մտադրութիւն չունի ատրպէյճանական AZAL ընկերութեան օդանաւի կործանումին գծով որեւէ յայտարարութիւն կատարելու, լրագրողներու յայտնեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Ան այս հաստատումը կատարեց՝ մեկնաբանելով ատրպէյճանական աղբիւրներուն պնդումները, թէ Ռուսիա պէտք է ստանձնէ արկածին պատասխանատուութիւնը։
Փեսքով աւելցուց, որ Փութին ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին հետ շփումներուն ընթացքին պիտի բարձրացնէ Պաքուի մէջ «Ռուսիոյ տան» շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հարցը:
«Եթէ բարձրագոյն մակարդակով շփումներ ըլլան այդ հարցը հաւանական ըլլայ քննարկել երկու պետութիւններու ղեկավարներու երկխօսութեան ընթացքին», յայտնեց Փեսքով` Ատրպէյճանի մէջ ռուսական կառոյցի գործունէութեան արգելքը որակելով «թիւրիմացութիւն»:
Պաքու դժգոհ է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնը ցարդ չէ ընդունած իր մեղսակցութիւնը նախորդ տարուան Դեկտեմբերին Ղազախստանի մէջ ատրպէյճանական օդանաւի արկածի գծով եւ չէ կատարած Ատրպէյճանի նախագահին պահանջները` չէ պատժած մեղաւորները ու չէ փոխհատուցած վնասները: Իսկ 6 Փետրուարին հաղորդուեցաւ, որ Պաքու պահանջած է դադրեցնել «Ռուսիոյ տան»՝ Ատրպէյճանի մէջ գործունէութիւնը։