Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիան պաղեստինցիներուն համար պետութիւն մը ստեղծելու համար բաւարար հողեր ունի:
«Սէուտցիները կրնան Սէուտական Արաբիոյ մէջ պաղեստինեան պետութիւն մը ստեղծել, անոնք շատ հողեր ունին», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ Կազան ներկայիս անբնակելի է եւ մարդիկ պիտի ստիպուին վերաշինութեան ընթացքին այլ վայրի մը մէջ բնակիլ:
Ռուպիօ Տոմինիքեան Հանրապետութիւն իր այցելութեան ընթացքին լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով՝ այլ երկիրները քաջալերեց Կազայի վերաշինութեան օգնութիւն առաջարկելու, սակայն ան չնշեց, թէ պաղեստինցիները պիտի կարենա՞ն նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջադրած՝ Կազայի վրայ ամերիկեան վերահսկողութեան հաստատման եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զարգացման առաջարկի ծիրին մէջ Կազա վերադառնալ:
Ըստ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին՝ Կազայի հատուածը Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ առնելու եւ պաղեստինցիները տեղահանելու աղմկայարոյց ծրագիրի հեղինակը Թրամփի հրեայ փեսան` Ճերըտ Քուշներն է: