
Շաբաթ, 8 Փետրուարին կազմուած Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան նշանակուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար։
Դոկտ. Պայրագտարեան Լիբանանեան համալսարանին մէջ իրաւաբանութեան եւ քաղաքական ու վարչագիտական գիտութիւններու կաճառի դասախօս է եւ բաժանմունքին տնօրէնը. ան նաեւ կը դասախօսէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։
Ան 2004ին Փարիզի «Սորպոն» համալսարանէն ստացած է դոկտորականի աստիճանը, իսկ 2017ին փրոֆեսէօրի աստիճանը՝ Լիբանանեան համալսարանէն։ Ան անդամ է Լիբանանեան համալսարանի Դոկտորական աստիճանի բարձրագոյն հիմնարկի Միջազգային յանձնախումբին եւ համակարգող՝ Քաղաքական գիտութիւններու յանձնախումբին։ Ան մինչեւ 2020 աշխատած է Սպայից վարժարանին մէջ՝ իբրեւ դասախօս եւ քաղաքական գիտութիւններու համակարգող։
Դոկտ. Պայրագտարեան Լիբանանի մէջ Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի հիմնադիրներէն է, եւ ներկայի Տնտեսական, ընկերային ու կենսոլորտի խորհուրդին մէջ՝ Գիտութեան, ճարտարագիտութեան ու նորարարութեան յանձնախումբի նախագահը։
Ան անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովին եւ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած է շարք մը միջազգային հարթակներու վրայ, մասնաւորաբար՝ Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդին մէջ։
Դոկտ. Պայրագտարեան վերջերս ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդին մէջ Միջազգային հարցերու յանձնախումբի համանախագահ։ Նախապէս ան անդամ էր Ժընեւի մէջ Կեդրոնական յանձնախումբին, իսկ վերջերս Գերմանիոյ մէջ գումարուած խորհուրդի Ընդհանուր ժողովին մէջ Ընդհանուր հարցերու եւ յայտարարութիւններու յանձնախումբի նախագահն էր։
Ան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային եւ տեղական խորհրդաժողովներու՝ յատկապէս դասախօսելով միջազգային կառավարման, արդի միջազգային հարցերու եւ Լիբանանին վերաբերող շարք մը նիւթերու շուրջ։
Ան հեղինակն է բազմաթիւ գիրքերու, որոնցմէ են՝ «Լիբանանը Ներքին Կայունութեան Ու Շրջանային Անվտանգութեան Միջեւ», «Արտաքին Քաղաքականութիւնը Եւ Ներքին Քաղաքականութիւնը» գիրքերը, ինչպէս նաեւ՝ արաբերէնով, անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով բազմաթիւ միջազգային հետազօտութիւններու եւ յօդուածներու։
Ան կը վերահսկէ Լիբանանեան համալսարանի դոկտորայի աստիճանի շարք մը թէզերու, ինչպէս նաեւ 2006էն ի վեր մասնակցած է թէզերու քննարկման բազմաթիւ յանձնախումբերու։
Ամուսնացած է Էտի Գապագեանի հետ եւ ունի որդի մը՝ Քրիսթոֆըր։

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Դոկտոր Նորա Պայրագտարեան 8 Փետրուարին այցելեց Անթիլիասի Մայրավանքը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպում մը ունեցաւ։ Ան իբրեւ նախարար իր առաջին այցելութիւնը տուաւ վեհափառին՝ նախքան իրեն վստահուած գործունէութեան սկսիլը անոր հայրական օրհնութիւնը ստանալու համար։
Արամ Ա. կաթողիկոսը իր ուրախութիւնը յայտնեց ու ջերմօրէն շնորհաւորեց նախարարը եւ յաջող ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց անոր։ Հայրապետը նոյն ատեն յայտնեց, թէ ինք վստահ է, որ ինչպէս կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ միջ-եկեղեցական շարժումին՝ կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ եւս ան պիտի բերէ իր կարեւոր ներդրումը։